Թիւ 1749| Հոկտեմբեր 2 – 8, 2020
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԵՆՔ
ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՉԻ ԴԱՆԴԱՂԻՆՔ
ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՉԻ ՏԱՏԱՄՍԻՆՔ
ՄԵՆՔ ԹՈՅԼ ՊԻՏԻ ՉԻ ՏԱՆՔ ՈՐ ԹՇՆԱՄԻՆ ՄԵԶԻ ՍՏՐԿԱՑՆԷ
ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԲՌՈՒՆՑՔՆԵՌԸ ԵՒ ԶԷՆՔԵՐԸ ՑԱԾ ՊԻՏԻ ՉԻ ԴՆԵՆՔ
ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԱՐՄԱՏԱԽԻԼ ԸՆԵՆՔ ՉԱՐԸ
ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՆՔ ՍԵԼՃՈՒՔԱ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՏՊԷՅՃԱՆԸ, ԱՐԻՒՆԱՐԲՈՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԱՆՈՆՑ
ՆԷՕ-ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՆԷՕ-ԼԻԲԵՐԱԼ ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐԸ
ԱՅՈ, ԲՈԼՈՐԻՆ ՊԻՏԻ ԶԳԵՏՆԵՆՔ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՊԷՍ, ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ, ԲԱՐՁՐ ՃԱՐՏԱՐՈՒԵՍՏՈՎ ԵՒ ՌԱԶՄԱԿԱՆՕՐԷՆ
Մենք ոչ մէկ հնարք անգործ չենք թողելու:
Մենք ոչ մէկ սուտ եւ անարդարութիւն անպատասխան չենք թողելու:
Մենք չենք թողելու, որ մեր աղօթքները անտեսուին:
Մենք թոյլ պիտի չի տանք, որ ստախօս քաղաքական այրեր խաբեն մեզ:
Մենք թոյլ պիտի չի տանք, որ մեր ներքին թշնամիները եւ թալանչիները արեւանգեն մեր ներկան եւ ապագան։
Մենք թոյլ պիտի չի տանք, որ կոռումպացուած նեխած մակաբոյծները եւ օլիգարխները թալանեն մեր հաւատաքի կեդրոնները, մեր պապենական Սուրբ երկիրը եւ մեր ազնւոհոգի ժողովուրդը։
Մենք պիտի չի դադրինք մինչեւ որ դիմակածերծ ենք հայանուն եւ հայախօս սակայն էութեամբ հակահայ մեր ներքին թաշնամիները։
Մենք թոյլ պիտի չի տանք, որ եսակեդրոն գերընկերութիւնները խլեն մեր ինքնիշխանութիւնն ու արեւանգեն մեր կառավարութիւնները:
Այո՛ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹՒՒՆՆԵՐԸ:
Մենք ոչ մէկ միջոց պիտի չի խնայենք Հայաստանի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսաս-տանի, Իրանի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Եմենի եւ Սուրիոյ գոյատեւումն ու աճը ապահովելու համար:
Մենք պիտի չի դադրինք մինչեւ որ Արցախի անկախութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչցուի:
Մենք պիտի չի նահանջենք այնքան ժամանակ, քանի դեռ
ԹՈՒՐՔԻԱՆ իր փոքրացած իսկական չափին չենք հասցուցած:
Մենք պիտի հետապնդենք մարդկութեան դէմ հանցագործիւն կատարողներուն ուր որ ալ անոնք խոյս տան: Իրենց թաքստոցներէն դուրս պիտի բերենք եւ հաշեւտւութեան ու արդարադատութեան պիտի ենթարկենք:
ԵՐԲԷՔ ՉԵՆՔ ԹՈՂԵԼՈՒ ՈՐ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ 1915 ԸԼԼԱՅ:
Մեր սիրտերը, մեր հայրենիքը պաշտպանող մեր քաջարի զինւորներու հետ են: Մենք կ՛աղօթենք մեր հերոսներու անվտանգութեան եւ Արցախի ու Հայաստանի անմեղ խաղաղ բնակիչներու համար:
Աբօ Չափարեան
2 Հոկտեմբեր, 2020 ի Լոս Անճելոս, ԱՄՆ

Բոլորս ալ մասնակցինք հայկական ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն:
Նուիրաբերենք վարկային
քարտի կամ PayPal-ի
միջոցով: Այցելեցէ՛ք.
www.armeniafund.org/donate