ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
ԱՍԻԿԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ԿԵՆԱՑ ՈՒ ՄԱՀՈՒ ԻՐԱՎԻՃԱԿ է։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾՈՂ «ՏԱԻՇ»ի ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԸ ԱՅՍ ՊԱՀԻՆ Կ՛ՈՒՂԱՐԿՈՒԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ:
Կիրակի, Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան ցեղասպան Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանը ռազմական յարձակում «ագրեսիա» նախաձեռ-նած ընդդէմ (Լեռնային Ղարաբաղի) Արցախի Հանրապետութեան: Հայաստանի եւ Արցախի համաշխարհային դաշնակիցները պէտք է շտապ զօրաշարժի դիմեն եւ դադրեցնեն հայերու նկատմամբ հերթական ցեղասպանութիւնը: Թուրք խելագար նէօ-օսմանեան սուլթան / Նախ. Էրտօղան հրապարակաւ սպառնաց Հայաստանի եւ հայերու ՎԵՐՋԸ ՏԱԼ՝ գործադրելով նոր «Վերջնական» ցեղասպանութիւն: Էրտօղանն ու անոր ազերի բռնակալ դաշնակից Իլհամ Ալիեւը պէտք է ամեն գնով կանգնեցուին: Վաղը միգուցէ շատ ուշ ըլլայ:
Կապ հաստատեցէ՛ք ձեր տեղական եւ դաշնային ընտրուած պաշտօնեաներու հետ եւ հորդորեցէ՛ք աջակցիլ հետեւեալ նախաձեռնութիւններուն.
1) ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ «ԱԳՐԵՍԻԱՆ». Դատապարտել Թուրքիոյ կողմէ աջակցուող թրքական եւ ատրպէյճանական յարձակումը եւ պահանջել, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դադարեցնեն իրենց ռազմական գործողութիւնները ընդդէմ՝ Հայաստանի եւ Արցախի:
2) ԶԳՈՒՇԱՑՆԵԼ Ատրպէյճանին՝ նոր պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելէն՝ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող «Իսլամական Պետութեան» («Տայիշ»ի) ահաբեկչական վարձկաններու ներգրաւմամբ՝ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերէն ներս, անմեղ ու անպաշտպան քաղաքացիական հայերու դէմ:
3) ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ. Միացեալ Նահանգները պէտք է դադարեցնէ ռազմական օգնութիւն տրամադրելը յարձակողապաշտ պետութիւններուն, ինչպիսիքն են Թուրքիան ու սելճուքա-թրքական Ատրպեյճանը։
4) ՃԱՆՉՆԱԼ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ. Արցախի հայերը ունին ինքնորոշման իրաւունք, եւ Ատրպէյճանը պէտք է ճանչնայ եւ պաշտօնապէս ընդունի 1991, Դեկտեմբեր 10-ի տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքները եւ Արցախի բնակչութեան՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալու մասին վերջնական որոշումը:
5) ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ «ՍԱՆԿՑԻԱՆԵՐ» ՎՃՌԵԼ. Ատրպէյճանի դէմ պէտք է կիրառուին միջազգային տնտեսական եւ ռազմական պատժամիջոցներ, քանի դեռ Պաքուն կը մերժէ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը եւ կը շարունակէ իր յարձակումը ընդդէմ Հայաստանի, Արցախի հայերուն:
6) ՊԱՀԱՆՋԵԼ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ. Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պէտք է նաեւ դադարեցնեն ահաբեկիչներուն ֆինանսաւորումը, որ կը քանդեն ԱՄՆ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի եւ աշխարհի այլ մասերու հայկական եկեղեցիները:
Խոշոր լրատւամիջոցները կը լռեն:
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ. Աշխարհի հայերը եւ անոնց ընկերները պէտք է դուրս գան փողոց եւ իրենց ծանր վիճակը լսելի դարձնեն միջազգային հանրութեան: