Թիւ 1749, Հոկտեմբեր 2 – 8, 2020


Պետրոս Պանտազեան — «ֆէյսպուքեան» իր էջին վրայ գրեց. «Ըստ երեւոյթին ԱՄՆ-ն կանգնած է այս ամբողջ գործունէութեան ետեւը: Թուրքիան չի կրնար գործել առանց Ամերիկայի օգնութեան: Թուրքիան տարեկան գրեթէ 25 միլիարդ տոլարի օգնութիւն կը ստանայ Ամերիկայէն՝ գու-մարած ռազմական տեխնիկա եւ վերապատրաստում: Ամերիկան դուրս կը հանէ իր զօրքերը: Յետոյ զանոնք կը փոխարինէ թրքական զօրքերով: Այսպէսով Ամե-րիկան կը շարունակէ իր գերակայութիւնը՝ առանց ձեռքերը աղտոտելու:

Հայաստանի մօտ նախկին ԱՄՆ-ի դեսպան Ճօն Էվընս պատասխանեց. «Պետրոս, ասիկա քեզմէ լսելով՝ ես ցնցուած եմ: Այո, Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի միջոցով ԱՄՆ դաշնակիցն է, բայց ան Արցախի վրայ յարձակման նախաձեռնողը չէ: «ԱՄՆ-ը պէտք է որ կանգնած ըլլայ այս ամբողջ գործունէութեան հետեւում»: Ետ վերցուր խօսքդ: Անիկա սխալ է, սխալ»:


Աբօ Չափարեան գրեց. «Յարգելի Պրն. Դեսպան Ճօն Էվընս, Պաքուն կառուցած եւ զարգացրած են հիմնականին մէջ՝ հայերը, հրեաները եւ ռուսները: Քսաներորդ դարու սկիզբնաւորութեան, (1800-ականներուն վերջերէն մինչեւ 1900-ականներու սկիզբը) Պաքւի նաւթավերամշակման գործարանները կառուցած են հայ արդիւնաբերողներ Մանթաշեան / Մանթաշով եղբայրները, իսկ յետոյ հանկարծ արեւմտեան նաւթային օլիգարխները բրիտանական նաւթամթերքի իրենց բաժնետէրերու միջոցով, իրենց սելճուկ-թուրքերու միջոցով կազմակերպած են տեղա-կան խմբաւորումներ՝ ընդդէմ հայերու, որ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի շարժիչն էին, Պաքուի տարածքա-շրջանէն՝ անոնց դուրս մղելու համար:

Հայկական ազդեցիկ եւ զգալի ներկայութեան վերացումէն ետքը այն ժամակուայ Պաքուի շատ աշխոյժ գործարարական եւ առեւտուրի օրրանի մէջ, նոյն արեւմտեան օլիկարխները կազմակերպած են հայերու դէմ էթնիկական մաքրագործումները‘ անոնց լիովին բնաջնջելու համար Պաքուի աւազանէն եւ Հայկական լեռնաշխարհէն‘ սկսելով՝ Արեւելեան Հայաստանի Ուտիկ նահանգի Քուր գետէն մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրումը:

Նմանատիպ հակահայկական քաղաքականութիւն իրականացուած է 1920-ականներու սկզբին Կիլիկիոյ հայերու նկատմամբ՝ Ֆրանսային ստիպելով իրենց ճակատագրին լքել Կիլիկիոյ հայերուն:

«Տեղափոխուինք 2020 թուական: Վերջին տասնամեակի ընթացքին նոյն արեւմտեան մէնատիրականները, որոնք առեւանգած են Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի արտաքին քաղաքականութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի, Հայկական Լեռնաշխարհի, Միջագետքի եւ Եւրասիայի այլ մասերէն ներս, իրենց օրակարգը իրականացնելու համար կ՛օգտագործեն ժամանակակից թուրքա-ՏԱԻՇական առանցքը: Ինքնակեդրոն եւ խուլիգան այդ օրակարգը ներկայումս կ՛իրականացուի տեղի բնիկ ժողովուրդներու դէմ՝ յանձինս հայերու, յոյներու, ասորիներու, քուրդեր, իրանցիներու, ռուսերու, հրեաներու, արաբներու (մահմեդական եւ քրիստոնեայ), թալիշներու, լեզգիներու, աւարներու, եզիտիներու, մարօնիներու, տիւրզիներու, պետեւիներու, ալաուիներու, ալաւիներու, եմենցիներու, համշենցիներու եւ այլ բնիկ փոքրա-մասնութիւններու:

«Ինչո՞ւ Թուրքիան այդքան՝ չափազանց ինքնավստահ է ՆԱԹՕ-ի մէջ իր անդամակցութիւնը չարաշահելու խնդրին մէջ:

«Ինչո՞ւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան չարաչար կ՛օգտագործէ ԱՄՆ-ի արտադրութեան եւ ամերիկայէն ձեռք բերուած կործանիչները եւ զինամթերքը յաձակման նպատակներու համար, փոխանակ համաձայնեցուած պաշտպանական նպատակներու:

«Ինչո՞ւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան ապօրինաբար կը վերավաճառէ երրորդ կողմի կամ կողմերուն — այս պարագային՝ պաքուանիստ սեճուքա-թրքական Ատրպէյճանին գործադրելով բացայայտ յարձակում ընդդէմ՝ Հայաստանի եւ Արցախի, խախտելով ՆԱԹՕ-ի համաձայնագրի իրենց պարտաւորութիւնները եւ դեռ լուռ աջակցութիւն կը ստանայ արեւմտեան զանգուածային լրատուամիջոցներէ որոնք գերընկերութիւններու հակակշռին տակն են, որ կ՛արհամարհեն հայերու ծանր վիճակը: Արդէօ՞ք սա կրկին 1915 թուականն է»:

Դեսպան Ճօն Էվընս վերյանձնօրէն պատասխանեց. «Աբօ Չափարեան, Բոլորն ալ հիանալի հարցումներ են, որոնց պէտք է պատասխան տալ: Ասիկա իսկապէս մտահոգիչ է, եւ պէտք է, որ հիմա շատ լուրջ քննարկումներ կատարուին ՆԱԹՕ-ի մէջ եւ այլուր»:

Աբօ Չափարեան գրեց. «Յարգարժան Պրն. Դեսպան, Ճօն Էվընս, համաձայն եմ, որ մենք պէտք է հասնինք այս ամբողջ սարսափելի գործողութիւններու արմատներուն, որ կ՛իրականացուին Ամերիկայի հեղինակութեան, ազգային շահերու եւ Ամերիկայի հարկատուներու հաշուին: ՆԱԹՕ-ի եւ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքները պէտք է մանրակրկիտ «շաբաթօրեայ» (մաքրութիւն) կազմակերպեն»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *