Կովկասեան ու միջերկրականեան շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան ուժեղացման մէջ Թուրքիոյ խաղացած դերը վատ աւարտ պիտի ունենայ Անգարայի համար: «Արապ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Արա-բական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ:

«Թուրքիան շրջանային պետութիւններու եւ գերտէրութիւններու հետ այն աստիճանի հակասութիւններ ունի, որ անոնք լաւ աւարտ պիտի չունենան Թուրքիոյ եւ անոր ղեկավարութեան համար: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան զինուորական ներխուժում կը կատարէ Եգիպտոս, Սուրիա, Իրաք, Լիպիա: Էրտողան ներխուժած է նաեւ Կովկաս` Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ, բախում ունեցած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ, ներխուժած է Արեւելեան Միջերկրականի կազային պաշարներով հարուստ տարածքներ, ինչ որ Ֆրանսայի պէս մեծ ու ազդեցիկ պետութիւնը ստիպած է հալածիչներ եւ օդանաւակիր ուղարկել Կիպրոս», շեշտած է Ապուլ Ղէյթ:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քար-տուղարը վրդովմունք յայտնած է, որ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Սուրիայէն Ազրպէյճան տեղափոխուած վարձկաններն ու զինեալները Հայաստանի դէմ կը կռուին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *