ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Քալիֆորնիայէն 16 ընտրեալ պաշտօանատարներ խստօրէն դատապարտեցին Առցախի եւ Հայաստանի վրայ Պաքուի եւ Անգարայի յարձակումները եւ անոնց գործադրած պատերազմական ոճիրները։
Մասնակցողներուն մէջ կային՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ։
