Հայաստանն ու Արցախը Ատրպէյճանի կողմէ իրաւունք ունին փոխհատուցում պահանջելու Արցախի դէմ անառարկելի յարձակման համար

Թիւ 1750| Հոկտեմբեր 9 – 15, 2020


ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9-ին, Ռուսաստանը դիւա-նագիտական շախմատ կատարեց Թուրքիայի դէմ՝ միանձնեայ միջնորդելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի համար համաձայնագիր, որ ուժի մէջ կը մտնէ Արցախի ժամանակով շաբաթ օրուայ կէսօրին:

Կը հաղորդուի, որ Արցախի պաշտպանութեան հայկական ուժերը իրականացուցած են ռազմական առաջխաղացումներ՝ ազատագրելով աւելի շատ հողեր Ատրպէյճանի տիրապետութենէն:

Հրադադարի համաձայնագրին եւ Արցախի բարենպաստ ռազմական արդիւնքներուն, համայնքի փորձառու ակտիվիստ եւ խորհրդատու, Զանգու Արմէնեան Ուրբաթ օրը իր ֆեյսբուքեան էջին վրայ գրեց. «Ոչ մէկ սանթիմեթր: Ոչ մէկ զիջում ի վնաս ազատութեան: Մտիր վրանի տակ: Հանգիստ մնա՛յ. Համաձայնագիրը ստորագրէ՛»։

Ես արձագանքեցի. «Արցախի դէմ անառարկելի յարձակումով Ատրպէյճանը ենթարկուած է հսկայական պարտաւորութիւններու: Ո՞վ փոխհատուցում պիտի կատարէ քաղաքացիներուն հասցուած հսկայական մարդկային եւ նիւթական կորուստներու համար»:

Ատրպէյճանի նաւթարդիւնաբերութիւնը պէտք է աշխատի օրը 24 ժամ / շաբաթը՝ 7 օր /365 օր յաջորդ 20 տարիներուն՝ հայ ազգին փոխհատուցելու համար այն վնասներու համար, որոնք անոնք հասցուցին Արցախին եւ Հայաստանին:

Արցախի Հանրապետութեան հայերը ոչ մէկ պարագայի մէջ պէտք չէ հրաժարին իրենց յաղթական դիրքերէն:

Հայերը պէտք չէ զէնքը վար դնեն: Ակտիւօրէն ձգտելով հրադադարին, Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւը ժամանակ կþուզէ շահիլ վերականգնելու եւ արդիականացնելու համար իր զինանոցը` վերջնական հարուած հասցնելու համար Արցախին եւ հետեւելու իր նախնական ծրագրին եւ իրականացնելու հայերու դէմ նոր ցեղասպանութիւն: Ալիեւը կը խուսափի նաեւ համապարփակ ռազմական պարտութենէն եւ կապիտուլեացիայէն:

Ոչ ոք չի գիտեր, թէ որքան կը տեւէ այս հրադադարը: Հայերը պէտք է շարունակեն իրենց հաւաքական ջանքերը երեք հիմնական ճակատներու վրայ.

  1. Շուտափոյթ կատարելագործում անոնց ռազմական կարողութիւններուն.
  2. Հայաստան Հիմնադրամի միջոցով հաւաքել աւելի շատ գումարներ ամբողջ աշխարհի մէջ
  3. Համաշխարհային բեմի վրայ առաւել ակտիւացնել քաղաքական պայքարը` հետեւեալ նպատակներուն հասնելու համար.
    ա) Արցախի անկախութեան ճանաչում.
    բ) Թուրքիային վտարել ՆԱՏՕ-էն
    գ) Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժիչ վնասի փոխհատուցում
    դ) Ատրպէյճանէն փոխհատուցում Արցախին եւ Հայաստանին հասցուած մարդկային եւ նիւթական հսկայական կորուստներուն համար
    ե) Ապահովել միջազգային տնտեսական եւ ռազմական պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ:
    1953-1961 թվականներուն ԱՄՆ Օդուժին մէջ ծառայած գնդապետ Ռիչըրտ Մ. Վարդանեան ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ին ուղարկած բջջային հաղորդագրութեան մէջ գրած է. «Պէտք չէ մոռնալ, որ չէ հաստատուած, որ Լեռնային Արցախը կը պատկանի Ատրպէյճանին: Իսկապէս, Անկախ Ատրպէյճանի Սահմանադրական ակտը (1991 թ. Հոկտեմբերի 18) կը հանգեցնէ հակառակ եզրակացութեան»:
    Վարդանեան նշեց, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան 2-րդ յօդուածը կ’ըսէ. «Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ժառանգն է, որ գոյութիւն ունեցած է 1918 թուականի Մայիսի 28-էն մինչեւ 1920 թուականի Ապրիլի 28-ը»:
    Ան աւելացուց. «Վիճելի տարածքը կցուած է Ատրպէյճանին 1921 թուականի Յուլիսի 5-ի գիշերը Խորհրդային բռնապետ Ստալինի կամայական որոշումէն յետոյ: Այս ՓԱՍՏԸ պէտք է ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ !!! Իրենց իսկ Սահմանադրութեամբ՝ Ատրպէյճանցիները ՈՉ ՄԷԿ իրաւական պահանջ ունին Արցախի նկատմամբ: Ասիկա պէտք է անընդհատ մրճհարուի ԱՄՆ Գոնկրէսի բոլոր անդամներուն ուղեղներուն մէջ: Նոյնպէս՝ ԱՄՆ Պետական Բաժանմունքին, ՄԱԿ-ի անդամներուն, ՆԱՏՕ-ի անդամներուն»:
    Հայերը պէտք չէ զէնքը վար դնեն ո՛չ ռազմադաշտի մէջ, ոչ ալ՝ միջազգային քաղաքական ասպարեզէն ներս, մինչեւ որ կայուն խաղաղութիւն ձեռք բերուի:
    Հակառակ պարագային Հայաստան-Արցախի 3 միլիոննոց փոքրաթիւ բնակչութիւնը, որ չի կրնար համեմատուիլ Ատրպէյճանի 9 միլիոն եւ Թուրքիոյ 82 միլիոն բնակչութեան հետ, կրնայ վերջնականապէս կորսնցնել, եթէ Ատրպէյճանը դիմէ մաշեցման պատերազմի:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *