Թշնամին հարուածեց Շուշիի խորհրդանիշ Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ 90-ականներու պատերազմէն ետք վերակառուցուած էր, կը հաղորդէ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պար-գեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան Շուշիի Ղազանչեց-ւոց եկեղեցին հար-ւածելու մէջ կը տեսնէ «Իսլամական պետութեան» ձեռագիրը:
«Անոնք կը հարուածեն մեր հոգեւոր արժէքները, այն ժամանակ, երբ մենք կը վերականգնենք մզկիթները»,- այս մասին Պարգեւ Սրբազանը ըսաւ «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ: Ազրպէյճան Հոկտեմբեր 8-ին հարուածած է Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին: