ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆէյսպուքեան գրառումով մը անդրադարձած է սփիւռքի մէջ իրականացուող բողոքի ցոյցերուն: Ան գրած է, որ այս կերպ աշխարհի հայութիւնը ցոյց կու տայ իր համա-խմբուածութեան ուժը: Ան ընդգծած է, որ Արցախը պէտք է դառնայ համաշխարհային արդարութեան խորհրդանիշ:
Այս օրերուն աշխարհի հայութիւնը ցոյց կու տայ համախմբուածութեան ուժը։ Այս շարժումը պէտք է գրաւիչ դարձնել նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներուն համար՝ ովքեր դէմ են բռնութեան, փտածութեան, ահաբեկչութեան եւ կը ձգտին արդարութեան, ազատութեան եւ սիրոյ յաղթանակին։
Արցախը պէտք է դառնայ համաշխարհային արդարութեան խորհրդանիշ։
Աշխարհը պէտք է ճանչնայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։ Եթէ անիկա չեն ըներ կառավարութիւններն ու խորհրդարանները, ապա անիկա կրնան ընել ժողովուրդները, անհատները, կազմակերպութիւնները:
Ասիկա պետք է դառնայ այդպիսի անհատներուն, ժողովուրդներուն, կազմակերպութիւններուն միաւորող համաշխարհային շարժում։
ՀՀ վարչապետ
Նիկոլ Փաշինեան
