
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Վերջին ժամերուն, Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի սրտբաց եւ անկեղծ կոչերէն յստակ դարձաւ, որ ամենաարագ կերպով հարկաւոր է իրականացնել երկու հրատապ խնդիրներու բարւոք լուծումը.
- ՇՏԱՊ ռազմունակ մարդասիրական մարդուժ հասցնել ռազմաճակատ:
Ես կ’առաջարկեմ շրջանային կոմիտէներ կազմել իրաքանչիւր սփիւռքահայ համայնքէ ներս հոգալու համար մարդասիրական աշխատանք կատարելու պատրաստ կամաւորներու կարիքները զանոնք հասցնելու հայրենիք: Մնացածը հայրենիքի մէջ կը գործադրուի: - ՇՏԱՊ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին Հարկաւոր է րոպէ առաջ կազմակերպուիլ եւ թաղամասային յանձնախումբեր կազմել լայնամասշտաբ դրամահաւաք իրականացնելու համար:
Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր ամերիկեան տոլար 50 անգամ աւելի գնորդական ոյժ ունի: Մի ուղարկէք սնունդ, հագուստ կամ այլ իրեր: Ուղարկեցէ՛ք միայն գումար: Սկսեցէք ամսական յատկացումներ կատարել: Եթէ դուք ի վիճակի էք, ուղարկեցէք հազար տոլար ամիսը: Եթէ դուք չեք կրնար ամսական $1000 նուիրաբերել, ուղարկեցէք $500: Եթէ չէք կրնար ամսական $500 ուղարկել, ապա ղրկեցէք ամսական $250: Հիշեցէք, որ իւրաքանչիւր ԱՄՆ դոլար 50 անգամ աւելի գնողունակութիւն ունի Հայաստանի մէջ: Նուիրաբերեցէք որքան հնարավոր է շուտ: Նուիրաբերեցէք միայն armeniafund.org կայքի միջոցով, ապա փնտռեցէք ու սեղմեցէք «նուիրաբերման» donate-ի կոճակին վրայ:
Հաւատացէք որ աշխարհով մէկ, մենք կրնանք ամիսը հարիւր, երկու հարիւր, երեք հարիւր միլիոն տոլար հաւաքել եթէ լաւ կազմակերպուինք:
Հարկաւոր է թաղամաս առ թաղամաս դրամահաւաք կատարել հոգալու համար Հայաստանի եւ Արցախի քաջարի զինւորներու եւ առիւծասիրտ քաղաքացիներու մարդասիրական կարիքները:
Կրնանք փայլուն արդիւնքի հասնիլ, եթէ լաւ կազմակերպուինք: Հարկաւոր է րոպէ առաջ կազմակերպուիլ:
Ռազմվարական մտածողութիւնը եւ ոգին անընդհատ պէտք է զարգացնել: Մարտունակ մեր միտքն ու հոգին պէտք է տեւապէս ուժեղ պահել՝ առանց ընկրկումի:
Ռազմաճակատ կայ, որ կրնանք կորսնցնել: Մի վհատիք: Իւրաքանչիւր մութ գիշերին կը յաջորդէ լուսագեղ արեւը: Եւ ահաւասիկ՝ ռազմաճակատներու շարան մը կրնանք նուաճել:
Անշուշտ չափազանց կենսական է, որ ձգտինք ոչ մէկ ճակատ չկորսնցնելու: Բայց եթէ պատահի, որ Աստուած մի արասցէ, ճակատ մը կորսնցնենք, մի՛ վհատիք: Մի՛ տկարանաք: Այլ մտածեցէ՛ք ձեր կատարելիք գործնական քայլերու մասին: Սառնասրտօրէն մտածեցէք, թէ ինչքան արագութեամբ կրնանք իրականացնել Վարչապետ Փաշինեանի եւ Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրատապ առաջադրանքները, որ այս յօդուածին մէջ փորձած եմ խտացնել եւ յստակ ներկայացնել:
Հիմա կողմնակի զրոյցներու եւ մանր խնդիրներու մասին բանաւէճի ժամանակը չէ:
Հիմա ստապատիր եւ տխրութիւն պատճառող լուրերու զոհ երթալու ժամանակը չէ:
Հայալեզու կամ օտարալեզու, սակայն հակահայ լրատուամիջոցներու ապատեղեկատւութեան թակարդը իջնալու ժամանակը չէ: Միայն ունկնդրեցէք կամ կարդացէ՛ք վստահելի լրատուամիջոցներու կողմէ ներկայացուած լուր,ալ վերջնականապէս պարտութեան մատնելու համար արիւնարբու թուրքին յանձինս ոճրագործներ՝ Ատրպէյճանի մէնատէր Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ լուսնոտ նոր սուլթան Ռէճէփ Թայյիփ Էրտօղանի:
Եւ ապա անցնինք լայնածաւալ հակայարձակումի միշտ յիշելով Ազգային հերոս՝ Մոնթէ Մելքոնեանի 26 տարի առաջ կատարած մարգարէացումը. Հարկաւոր է մահացու հարուած հասցնել թշնամոյն վերջնականապէս փշրելով անոր ողնաշարը եւ հասնելով մինչեւ պատմական հայկական Կուռ գետը եւ հաստատել ապահովութեան գօտի, ինչպէս մի քանի շաբաթ առաջ Փրօֆ. Անտրու Տէմիրճեան, Յուլիս 18, 2020-ի ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի թիւին մէջ բանաձեւեց ապագայասլաց իր յօդուածին մէջ, որուն խորագիրն էր «Ուտիքի միաւորումը. Վերջնական «բուֆերային» ապահովութեան գօտի»:
http://www.armenianlife.com/2020/07/18/u-utik-the-ultimate-buffer-zone/
Մենք, համաշխարհային հայութեան որպէս անբաժան մասնիկը, բոլոր մակարդակներու վրայ մեր բանակին եւ ժողովուրդին հետ ենք:
Մնացէ՛ք ապահով:
Մնացէք ուժեղ՝ Արցախի նման:
Յաղթելու ենք:
Յ.Գ. Նուիրաբերեցէք միայն armeniafund.org կայքի միջոցով, ապա փնտռեցէք ու սեղմեցէք «նուիրաբերման»՝ Donate-ի կոճակին վրայ: