Եւրոպայի հայերը նախաձեռնած են աննախադէպ բողոքի ցոյցերուընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտութեան եւ յանուն Արցախի ճանաչումին: Անոնք փակած են Եւրոպայի միջպետական ճամբաները: Հարիւրաւոր ցուցարար հայեր երկու ուղղութիւններով փակած են Ֆրանսա-Պելճիքա միջպետական ճամբան առաւօտեան կանուխ ժամերէն Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արցախի տագնապին վրայ սեւեռելու նպատակով: Ցոյցին մասնակցողները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Արցախը Հայաստան է՛»:
Ճամբան 1 ժամ փակ պահելէ ետք շարժումին մասնակիցները յայտնած են, որ ինքնաշարժներով պիտի ուղղուին դէպի Եւրոպական խորհրդարան:
Զուգահեռաբար փակուած են նաեւ Ֆրանսա-Սպանիա, Պելճիքա-Նետերլանտներ, Ֆրանսա-Զուիցերիա, Նետերլանտներ-Գերմանիա, Լիւքսամպուրկ-Պելճիքա-Ֆրանսա, Ֆրանսա-Իտալիա, Գերմանիա-Դանիա միջպետական ճամբաները:
Գերմանիայի Համպուրկ քաղաքի հայերը փակած են նաւահանգիստ տանող ճամբանի նշան բողոքի ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումին եւ յանուն Արցախի ճանաչման: Անոնք ուզած են միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ: Անոնք հանդէս եկած են «Դադրեցուցէ՛ք ցեղասպանութիւնը», «Դադրեցուցէ՛ք ահաբեկչութիւնը», «Էրտողան ահաբեկիչ», «Ալիեւահաբեկիչ», «Արցախը Հայաստան է», «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք» եւ այլ գերմաներէն ու հայերէն վանկարկումներով: Միացեալ Նահանգներ բնակող հազարաւոր հայեր եւ օտարներ, որոնք կը սատարեն հայ ժողովուրդին, 15 հոկտեմբերին բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ուաշինկթընի մէջ Քոնկրեսի շէնքին դիմաց, եւ դատապարտած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները:
ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին մօտ խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին` պահանջելով անտարբեր չըլլալ Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ ու յստակ քայլերու ձեռնարկել Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած յարձակումը դադրեցնելու ուղղութեամբ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *