Հոլանտաբնակ «MMA»-ի հայ մարտիկ Գեղարդ Մուսասի, նախորդ շաբաթավերջին պրազի-լցի Տուկլաս Լիմայի դէմ իր արձանագրած յաղթանակը նուիրեց Հայաստանին:
«Իմ այս յաղթանակս կը նուիրեմ իմ երկրիս, որ այժմ պատե-րազմի մէջ է: Հայաստան, կը սիրեմ ձեզի եղբայրներ, քոյրեր, ձեզի հետ եմ, մեր սրտին եւ աղօթքներուն մէջ էք: Յոյսով եմ, որ շուտով խաղա-ղութիւն կը տիրէ», նշեալ մենա-արտէն ետք ըսաւ Մուսասի:
Նշենք, որ 35 տարեկան Մուսասի իր այս յաղթանակը արձա-նագրեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով եւ տիրացաւ «Պելլա-թոր»-ի միջին քաշային կարգի ախոյեանութեան գօտիին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *