Հոկտեմբեր 29-ին Լիբանանի մէջ հրատա-րակուող հայկական օրաթերթերու գլխա-ւոր խմբագիրները հանդիպում ունեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապե-տութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ։ Խորհրդա-կցութեան առանցքը կը կազմէր արցախ-եան պատերազմին առնչուած իրադրու-թիւննեը։ Այս առիթով դեսպան Աթաբէկեան կատարեց հետեւեալ ընդգծումները։
Երբեմն-երբեմն հնչող այն կեղծ տեղեկա-տւութիւնը, թէ իբր լիբանանահայութիւնը կազ-մակերպուած եղանակով կը տեղափոխուի՝ մասնակցելու մարտական գործողութիւններուն, մեղմ ըսելաձեւով՝ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Կրնամ յստակ ըսել, որ նման որեւէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւն դեսպանութեանը նոյնիսկ յայտնի չէ։
Կրնամ միայն ենթադրել, որ այդ յերիւրանքները կը շրջանառուին որոշ շրջանակներու կողմէ մէկ նպատակով. փորձել հաւասարակշռել եւ քարոզչական քարոզչական առումով ,,չէզոքացնել,, վարձկաններու մասնակցութիւնը Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին։
Ես չեմ բացառեր, որ աշխարհով սփռուած հայկական Սփիւռքը, որ հիմնականին մէջ ցեղասպանութեան արդիւնք է է, եւ որու ներկայացուցչիներէն շատեր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունին, ներքին մղում ունենայ հանդէս գալու ի պաշտպանութիւն իր ազգային ինքնութեան՝ ներկայիս ռազմական գործողություններուն տեսնելով այդ նոյն ցեղասպան ձեռագիրն ու գործելաոճը։
Սակայն նոյնիսկ այդ պարագային կարելի չէ չտեսնել էական տարբերութիւն. մէկ կողմէ՝ մենք գործ ունինք վարձու մարդասպաններու հետ, որոնց կը վճարեն եւ ձրիաբար կը տեղափոխեն մարտի դաշտ, միւս պարագային՝ խօսքը կրնայ վերաբերիլ մարդու, որ ինքն է իր գրպանէն կը վճարէ մասնակցելու համար իր սեփական ազգի պաշտպանութեանը։ Եւ այս երկու պարագաներուն միջեւ հաւասարութեան նշան դնելու որեւէ փորձ կը հանդիսանայ քարոզչական վտանգաւոր շահարկում։
Հաշուի առնելով, թէ այդ նոյն վարձկանները ուր եւ որու դէմ կռուած են անցեալին, կարելի է նաեւ վստահ ըլլալ, որ նոյնքան վտանգաւոր շահարկում կը հանդիսանայ այս առաճակատման կրօնական երանգ հաղորդելու որեւէ փորձ։
Ատելութեան խօսքի այսօրինակ իւրաքանչիւր դրսեւորում առանձնայատուկ մտահոգութեան տեղի կու տայ։ Կրօնական, ազգային,ցեղային խտրականութիւն ու ատելութիւն պարունակող որեւէ խօսք սպառնալիք կը ներկայացնէ առաջին հերթին բարեկամ Լիբանանի ներքին կայունութեան, պետական կառուցուածքի եւ հասարակական համակեցութեան հիմնարար արժէքների համար, եւ վստահ եմ, որ Լիբանանի իշխանութիւններն ու հանրութիւնը ամենայն խստութեամբ կը հակազդեն նման խմորումներու։
Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայութեան, առիթ ունեցած եմ ըսելու եւ հհիմա ալ կը կրկնեմ որ Լիբանանի հայ համայնքը սահմանադրօրէն մաս կը կազմէ պետութեան հաստատութենական համակարգի եւ բարեկամ Լիբանանի բազմահամայնքային պետական-հասարակական ճարտարապետութեան մջ հանդէս կու գայ որպես երկրի քաղաքական կեանքի ինքնուրոյն դերակատար ու միաւոր։ Որպէս երկրի օրինակելի քաղաքացիներ` լիբանանա-հայերը խորապէս նվիրուած են Լիբանանին եւ հաւասարապէս կը կիսեն երկրի ամբողջ բնակչութեան թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ դժուարութիւնները։
