ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական «Ուոր Կանզօ» (War Gonzo) նախագիծի «Թելեկրամ» ալիքը կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ հետ ունեցած կապերուն համար, Թուրքիա Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը հեռացուց հրամանատարութեան պաշտօնէն: Այս մասին յայտնած են «Ուոր Կանզօ»ի աղբիւրները՝ Պոլիսէն:
Ըստ նախագիծին ստացած տուեալներուն՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով իսկապէս արձակուած է զինուած ուժերու հրամանատարութենէն, որուն պատճառը անոր ունեցած սերտ կապերն են ռուս զօրավարներու հետ:
Կը նշուի, որ Հասանով 1980ին աւարտած է Պաքուի ընդհանուր ռազմական հրամանատարական ուսումնարանը եւ մինչեւ 1985 ծառայած Գերմանիոյ մէջ տեղակայուած Խորհրդային զօրքերու կազմին մէջ, իսկ Գերմանիայէն Խորհրդային զօրքերը դուրս բերելէ ետք՝ մինչեւ 1993, ծառայութիւնը շարունակած է Սիպիրեան ռազմական շրջանին մէջ, ուրեմն բնական է, որ ան ռուս գործընկերներու հետ կապեր ունեցած ըլլայ։ «Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը Նաճմետտին Սատիխովի հետ կապ ունեցող գայթակղութենէն ետք, թրքական յատուկ ծառայութիւնները Ալիեւէն պահանջեցին մարտական գործողութիւնները ղեկավարելէ զերծ պահել բոլոր զօրավարները, որոնք ռուսական կրթութիւն ունին:
Ըստ «Ուոր Կանզօ»ի Պոլսոյ աղբիւր-ներուն տուեալներուն՝ Ալիեւ կատարած է այդ պահանջը: Ատրպէյճանի պաշտ-պանութեան նախարար Հասանով այս պահուն հասանելիութիւն չունի ռազմա-ճակատին վրայ տիրող իրական իրա-վիճակին, ինչպէս նաեւ կորսնցուցած է հասանելիութիւնը որոշումներ տալու բոլոր գործիքակազմերէն», գրած է նախագիծին «Թելեկրամ» ալիքը:
