Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 15 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ նախարարները քննարկած են 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած միացեալ յայտարարութեան գործադրութեան ընթացքը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման եւ անոնց կողմէ իրենց լիազօրութեան արդիւնաւէտ ապահովման հետ կապուած խնդիրները:
«Սերկէյ Լաւրով Զոհրապ Մնացականեանին մանրամասն տեղեկացուցած է Ռուսիոյ նախագահի 13 նոյեմբերի հրամանագիրով ստեղծուած մարդասիրական արձագանգման միջնախարարական կեդրոնի գործունէութեան ծրագիրներուն մասին:
«Արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր նկատեցին ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով ընդհանուր յանձնակատարի գրասենեակի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ այլ բազմակողմանի կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան հաստատման նշանակութիւնը` ի նպաստ տագնապի գօտիին մէջ քաղաքային անձերու վիճակի թեթեւացման եւ կրօնական ու մշակութային կառոյցներու պահպանման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
