Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման նկատմամբ վերահսկողութիւն իրականացնելու նպատակովռուս խաղաղապահները տեղակայած են 25 դիտորդական կէտ: Այս մասին նշուեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը հաստատուի, որ Ռուսիոյ նախագահի 10 նոյեմբերի հրամանագիրով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուի ռուս խաղաղապահներու զօրակազմի տեղակայումը: «Կը շարունակուի Ռուսիոյ ռազմական համակարգի եւ օդուժի «Իլ-76», «Ան-124» օդանաւերով խաղաղապահ զօրակազմի, ռազմական սարքերու եւ նիւթական գոյքի տեղափոխումը: Ընդհանուր առմամբ, 10 նոյեմբերէն այս նպատակով կատարուած է 162 թռիչք: 15 նոյեմբերին եղած է 22 թռիչք», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան 17 նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան (ԿԽՄԿ) ղեկավար Քլեր Մեյթրոն, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան ղեկավարի պարտականութիւնները քանի մը շաբաթ ետք ստանձնող Թիերի Ռիպոն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին Բալայեան նշեց, որ հայկական կողմը մեծ կարեւորութիւն կու տայ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ներգրաւմամբ 27 սեպտեմբերէն ազրպէյճանական-թրքական յարձակման պատճառով արցախեան-ազրպէյճանական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով զոհուած զինուորներու մարմիններու դուրսբերման, անհետ կորսուած եւ վիրաւորուած անձերու որոնողական աշխատանքներուն, ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու ճակատագիրներուն պարզաբանման, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով տուժած քաղաքային բնակչութեանԿարմիր խաչին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան: Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դիւանագէտները 18 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն դիտել տալով, որ այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Ռուսական կողմէն հանդիպումը պիտի վարէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններու գծով դեսպան Իկոր Փոփովը», նշեց Զախարովա:
Աւելի կանուխ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնած էր, որ 18 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ պիտի կայանայ հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով:
Ֆրանսայի 15 քաղաքապետներ յայտարարութեամբ մը ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ կոչ ուղղած են Ֆրանսայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան նոյնը կատարելու:
Նետերլանտներու խորհրդարանը ընդունած է ռազմական յանցագործու-թիւններու եւ Արցախի դէմ վայրագութիւններու համար Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, անոր կնոջՄեհրիպան Ալիեւայի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ այլոց դէմ անհատական պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին երեսփոխաններ Սատեթ Քարապուլուտի եւ Հետլիթ Փլումենի առաջարկած բանաձեւերը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Նետերլանտներու մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան: Դեսպանը նաեւ յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը արգելքներ սահմանած է Թուրքիոյ զէնք մատակարարելու հոլովոյթին վրայ Արցախի վրայ յարձակումներուն մասնակցելու պատճառով:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան հրաժարեցաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Բաղդասարեան:
«Ֆելիքս Ցոլակեան պաշտօնէ ազատ կացուցուելու դիմում ներկայացուցած է», նշեց Բաղդասարեան:
Ֆելիքս Ցոլակեան արտակարգ իրավիճակներու նախարար էր հոկտեմբեր 2018-էն:
Հայաստանի վարչապետի որոշումովՇաւարշ Քոչարեան ազատ կացուցուած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնէն: Այս մասին որոշումը հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Հայաստանի Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները լքեցին խորհրդարանի նիստերու դահլիճը պոյքոթի ենթարկելով գումարուած նիստը: «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան նշեց, որ իրենք հրաւիրած են Ազգային ժողովի արտահերթ նիստռազմական դրութիւնը վերացնելու առաջարկով, եւ այլ քննարկումներու մասնակցելու պատրաստ չեն: Աւելի կանուխ Ազգային ժողովի նիստը պոյքոթի ենթարկած էր նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը պահանջելով քննարկել նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի հարցը:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 17 նոյեմբերին Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Ռուստամ Մուրատովի հետ այցելած է Շուշիի շրջանի Լիսագոր համայնք` համոզուելու Ստեփանակերտ-Բերձոր մայրուղիի անցանելիութեան յուսալիութեան հարցով: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
Նախագահ Յարութիւնեան ըսած է նաեւ, որ այցելութեան ընթացքին տեղւոյն վրայ զրուցած եմ բնակիչներու եւ զինուորներու հետ, անոնց հետ քննարկած յառաջիկայ ծրագիրները:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *