Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ: Ան այս մասին յայտնած է ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան համանախագահներն են Մինսքի խմբակին, որուն գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի լուծումն է: Ճիշդ այս ծիրին մէջ ալ պէտք է լուծել կացութիւնը», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու ես համաձայն ենք, որ Թուրքիոյ վերջին գործողութիւնները յարձակողական եղած են», ըսած է Փոմփէօ` յղում կատարելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովու հարցերուն մէջ այդ երկրի գործողութիւններուն:
«Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է միասին աշխատին, որպէսզի Էրտողանը համոզեն, որ այդպիսի գործողութիւնները չեն բխիր անոր ժողովուրդին շահերէն», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Փոմփէօ աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ կողմէ զինուորական ներուժի օգտագործման աշխուժացումը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ:
