Թիւ 1757, Նոյ 27-Դեկ 3, 2020
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատմութեան լաւ ծանօթ հայ զինւորական մը ըսաւ. «Պատճառը որ մենք անընդհատ նոյն սխալները կþընենք այն որ մեր ժողովուրդը ճիշտ ձեւով չէ արժեւորած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը (1918-1920), Երկրորդ Հանրապետութիւնը (1920-1991) եւ ներկայ՝ Երրորդ Հանրա-պետութիւնը (1991-ցայսօր)»։
Իրոք։ Հայոց պատմութենէն շատ բան ունինք սորվելիք։
Ինչքան շուտ կը սորվինք մեր հաւաքական սխաներէն այնքան աւելի լաւ հիմքը կրնանք դնել Չորրորդ Հանրապետութեան։
Նկատի առնելով, թէ 2008-ին ի՜նչ պատահեցաւ «սորոսական» Վրաստանին, երբ յղփացած Սահակաշվիլին սպառնաց Ռուսիոյ եւ շատ թանկ գին վճարեց Աբխազիայի եւ Օսէտիայի կորուստով, եւ նկատի առնելով, թէ 2020-ին ի՜նչ պատահեցաւ «սորոսական» Հայաստանին, երբ Փաշինեանի վարչակազմը իր արեւելումը ուղեց դէպի Արեւմուտք կորսնցնելով Արցախի կարեւոր ու խոշոր հատուածը, պէտք է ըսել, որ այս սորոսական «թաւիշը» չափէն աւելի թանկ նստաւ հայ ժողովուրդին վրայ։
2008-ին «սորոսական» Վրաստանին զարթնացուցիչ զանգը եկաւ Միացեալ Նահանգներու Արտգործ նախարար Քօնտօլիզա Ռայսէն, որ Վրաստան ոչ մէկ յոյս չունենայ, որ Արեւմուտքը կը հասնի Վրաստանին օգնութեան՝ ընդդէմ Ռուսիոյ
2020-ին «սորոսական» Հայաստանին զարթնեցուցիչ զանգը եկաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Գրիգորի Չափարեանէն, որ «Փաշինեան ոչ մէկ յոյս չունենայ Միացեալ Նահանգներէն եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքէն»։
«Վնասին ուրտեղէն դառնաս նէ՝ շահ է» իմաստունութիւն է։
Հոկտեմբերի կէսերուն, երբ յստակ դարձաւ, որ «յաղթելու ենք»ներու երկար տողանցքէն ետք, արդեն հայութիւնը Արցախի հարաւը՝ իրանական սահմանամերձ տարածքները, կորսնցուցած էր, եւ Վարչապետ Փաշինեան 21-22 Հոկտեմբերին սրտաճմլիկ աղերս ներկայացուց Միացեալ Նահանգներուն, «ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի խմբագիր Չափարեան, քաջատեղեակ ըլալլով Արեւմուտքի հակահայաստանեան եւ միաժամանակ ՆԱԹՕ-ի անդամ թրքամէտ տրամադրութիւններէն, ահազանգ հնչեցուց Վարչապետ Փաշինեանին՝ ուղղուած իր 23 Հոկտեմբերի գրաւոր եւ 27 Հոկտեմբերի հեռուստատեսային ուղերձով, որ ժամ առաջ «ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ակտիւացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պահանջ-դիմումը Ռուսաստանի Դաշնութենէ՝ կատարելու իր պարտաւորութիւնը ըստ փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագրի եւ գործադրէ Հայաստանի պաշտպանութիւնը՝ ընդդէմ թրքական յարձակումներու»:
Ի բարեբախտութիւն Հայաստանի եւ համայն աշխարհի հայութեան, Վարչապետ Փաշինեան իր պարտականութիւնը կատարեց եւ գոնէ Արցախի մնացած մասը փրկեց ստոյգ կորուստէ եւ 30էն 50 հազար հայ զինւորներու կեանքերու կործանումէ։
Մինչ ՆԱԹՕի կողմէ քաջալերուած Թուրքիա Ատրպէյճան եւ «Տայեշ» ԻՊ ահաբեկիչներ լորձնաշուրթն կը պատրաստուէին Արցախը ամբողջապէս հայաթափել, 31 Հոկտեմբերի Փաշինեանի պաշտօնական նամակը Ռուսիոյ ճանապարհը յարթեց 9 Նոյեմբերի Սոչիի յայտարարութեան։
Ինչքան ալ տխրահռչակ կը թուի այդ յայտարարութիւնը, նոյնքան ալ յուսադրիչ կարելի է նկատել նոր պատմաշրջանը, երբ Հայաստան կրնայ ճանապարհային քարտեզով կրնայ իր ճակատագիրը բարեփոխել կատարելով ոստում դէպի ազգասիրական «օրիենտացիա»՝ ձերբազատուելով ե՛ւ նախկին գողապետականներէ, ե՛ւ ազգաքանդ «սորոսականներէ», ե՛ւ իր պետական խնդիրները լուծելով տարածքաշրջանային մակարդակի վրայ։
Ոչ Արեւմտամէտ «սորոսականները» եւ ոչ ալ գողապետական նախկին ռեժիմները +1 — Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոբերտ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան + աւազակապետ Գարեգին Բ չկաթողիկոսը ու իր հրոսակախումբը այլեւս անելիք չունին նոր կազմաւորուող Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութեան մէջ։
Աշխարհաքաղաքական առումով՝ ժամանակակից Հայաստանը, որ իսկութեան մէջ պէտք է Արեւելեան Հայաստան կոչուի կառուցուած է այն հողատարածքին վրայ, որ ռուսական ազդեցութեան ծիրէն ներս է, անմտութիւն պիտի ըլլար անտեսել Ռուսիոյ եւ Իրանի գործոնները։ Չի կարելի հարեւանութիւն ընել ռազմական զինակից Ռուսիոյ եւ բարի եւ ռազմավարական հարեւան Իրանի հետ՝ իրենց շահերը ոտնահարելով պարզապէս արեւմիւտքին հաճոյանալու սիրոյն։ Խոշոր եւ մահացու սխալ։
Այստեղ յստակ է, որ Ռուսը չափէն աւելի վիրաւորուած է Փաշինեանի եւ իր սորոսականներու հակառուս վարքագիծէն։
Նաեւ յստակ է, որ ինչքան շուտ Հայաստանը ձերբազատուի սորոսական «զօմպիներէն», այնքան լաւ կ՛ըլլայ ողջ հայութեան համար։
Սակայն ողջ հայութիւնը կրնա՞յ լիովին վստահիլ Ռուսաստանին։
Արեւմուտքը տակաւին կը հետապնդէ ինքնաքանդ եւ աշխարհաքանդ ՆԱԹՕ-ի ընդարձակման եւ միահեծան քաղաքականութիւն, որով ան կը միտի շրջափակել Ռուսիան եւ Իրանը։ Հայաստան ի՞նչ օգուտ ունի այս աւերիչ քաղաքականութեան մասնակցելով։ Ինչպէս կեանքը ցոյց տուաւ՝ ոչ մէկ բարիք։
Արդէօ՞ք ամերիկացի ժողովուրդը իրոք կը փափաքի Ռուսիան շրջափակել։
Արդէօ՞ք ամերիկացի ժողովուրդը պատրաստ է զինւորներու կեանքը վտանգելու նորանոր անմիտ հակառուսական պարերազմներու համար։ Մի՞թէ ամերիկացները եւ ռուսները գիտակից չեն, որ ամերիկացի-ռուս պատերազմը համազոր է եղբայրասպանութեան։
Ինչո՞ւ ամերիկացին եւ ռուսը կրնան համագործակցիլ անջրպետի մէջ, բայց ոչ կովկասեան տարածքաշրջանի մէջ՝ վերջնականապէս թաղելու համար համայն մարդկութեան սպառնացող աղէտ համաթուրանականութեան (պանթուրանիզմ)։
Էրտօղանի եւ անոր օսմանեան ցնորամտութեան ժամանակները անցած են անվերադարձօրէն։ Էրտօղանը իր իմաստուն զօրավարին խօսքին ուշադրութիւն թող դարձնէ։ Այդ զօրավարը, որ իր ընտանիքին հետ փախուստ տուաւ Թուրքիայէն։
Եւս կարեւոր կէտ մը
Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի իր անադամակցութիւնը ծայրագոյն աստիճան կը չարաշահէ։ Ամերիկան եւ Եւրոպան բարոյական մեծ պարտականութիւն ունին Թուրքիան վերջնականօրէն դուրս շպրտելու եւ միջազգայնօրէն մեկուսացնելու եւ նոյնիսկ վերջնականօրէն անդամահատելու՝ գործադրելով 1921-ի Սեւրի Դաշնագիրը եւ Նախագահ Ուիլսընի ուժի մէջ եղող իրաւարարութեան վճիռը:
Իսկ այն տարրերը, որ դատարկ երազ կը սնուցանեն, որ Ռուսիա նախկին գողապետականներուն կրնայ օգնել դարձեալ իշխանութեան վերդառնալ, չարաչար կը սխալին։
Ռուսիան քաջատեղեակ եւ լաւապէս գիտակից է, որ ամբողջ աշխարհով մէկ, նախկին գողապետական ռեժիմները՝ ներառեալ երկփեղուած ՀՅԴ-ն, լայնօրէն վարկազրկուած են Սփիւռքի մէջ։ Ռուսիան արդեն տեղեակ է, որ իր միջազգային վարկը չի կրնար կապել ոչ Քոչարեանի, ոչ Տէր Պետրոսեանի, ոչ Սարգսեանի, ոչ Վանեցեանի, ոչ Ծառուկեանի, ոչ Արա Աբրահամեանի, ոչ երկփեղուած ՀՅԴ-ի, ոչ ալ Գարեգին Բ-ի եւ ոչ ալ իրենց կամակատարներու հետ։
Նոր կազմաւորուող Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութեան մէջ ոչ նախկին գողապետականները, եւ ոչ ալ «սորոսականները» որեւէ դերակատարութիւն չունին։
Ազգասէր-հայրենասէր-պետականասէր հզօր Հայաստան։
Ի երջանկութիւն հայասէրներու, ի դժբախտութիւն հակահայերու։