Հոլիվուտեան կարգ մը նշանաւոր դէմքեր իրենց ձայնը միացուցին հայ ռազմական գերիներու խոշտանգումները դադրեցնելու եւ զանոնք ազատ արձակելու պահանջով սկսած միջազգային արշաւին:
Աշխարհահռչակ երգչուհի Շեր, յայտնի աստղ Քիմ Քարտաշեան եւ նշանաւոր երաժիշտ Սերժ Թանգրեան համացանցի ընկերային հարթակներու վրայ կը պատմեն ատրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող տասնեակ հայերու դէմ իրականացուող անթոյլատրելի վերաբերմունքին մասին՝ յորդորելով աշխարհի ղեկավարներուն, որ խստօրէն հակադարձեն Պաքուի քայլերուն:
