ԹԻՒ 1760, Դեկտեմբեր 18-24


ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Անցեալ շաբաթուայ թիւի շապիկի թեման ներկայացուցած էր Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ իրենց զինակիցլայնօրէն վարկաբեկուած Գարեգին Բ կաթողիկոսի լուսանկարը: Վերնագրի մէջ նշուած էր. «ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ՝ ՌՈԲԵՐՏ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ու ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ»: Թեման յառաջացուց հիմնականին մէջ դրական արձագանքներ ամերիկահայ համայնքի ընթերցողներու լայն շրջանակներէ:

Այնուամենայնիւ, կար նաեւ ընթերցողներու փոքր հատուած մը, որ անհամաձայնութիւն յայտնեց: ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ խմբագրական կազմի հակադրութիւնը նախկին գողապետական ռեժիմներուն սկսած առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանէն (1991-1998) մինչեւ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան (1998-2008) եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան (2008-2018), համահունչ է հրատարակութեան երկարամեայ խմբագրական համոզմունքին հետ:

Արձագանքելով բազմաթիւ ընթերցողներու դիրքորոշման կոռուպցիայի– նեխուածութեան եւ նեպոտիզմի—«Խնամի Ծանօթ Բարեկամ»ութեան վերաբերեալ, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի խմբագրական կազմը կը շարունակէ պահպանել Ճշմարտութեան Ազգային Յանձնաժողովի ստեղծման կարեւորութիւնը, որպէսզի ամբողջական հետաքննութեան ենթարկուին չորս ռեժիմները սկսած՝ 1991 թուականէն, մինչեւ այսօր, ներառեալ՝ Փաշինեանի ներկայ վարչակազմը:



ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի խմբագրական դիրքորոշման հիմքի մէջ ընդգրկուած հիմնական գործօնները որոնք կործանարար դերակատարութեամբ գործադրուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բըըը-ի, Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հետեւեալ հերթականութեամբ.

  • Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն Էջմիածնի Սուրբ Աթոռի մէջ Հայրապետական աթոռը իւրացնելու պահէն ի վեր, Գարեգին Բ-ն եւ անոր կրօնական ու աշխարհական կլանակիցները, ղեկավարութիւնը ստանձնելէն ի վեր ներգրաւուած են բազմաթիւ այլանդակ գործողութիւններու մէջ, որոնք այստեղ թուարկելու համար բազմաթիւ էջերու կարիք կ՛ունենաք.
  • Ռոբերտ Քոչարեանի գործունէութիւնը բնութագրուած է բազմաթիւ բացասական փաստերով եւ որոնց կարգին՝
    ա) իր մաֆիոզ «գործընկերներու» կողմէն շորթման բազմաթիւ դէպքեր կան, երբ անոնք թիրախաւորած կամ խաբած են բազմաթիւ ներդրողներ եւ ձեռնարկատէրեր իր նախագահութեան ընթացքին (1998-2008):
    բ) Քոչարեանի Արտաքին Գործերու Նախարար Վարդան Օսկանեանի 2006-2008թթ. տխրահռչակ յայտարարութիւնը «Արցախի մէջ այդ ժամանակ առաջարկուող հանրաքուէէն յետոյ «գրաւեալ» տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու Հայաստանի պատրաստակամութեան» մասին.
    գ) Քոչարեանի վերահսկող աչքերու տակ էր, որ տեղի ունեցաւ 1999-ի Հոկտեմբերի 27-ի Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ տեղի ունեցած սպանդը, երբ վարչապետ Վազգէն Սարգսեան եւ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարները օր ցերեկով գնդակահարուեցան:
    դ) Հայաստանի ազգային հարստութիւններու (օրինակ՝ Ամուլսարի) «տրամադրումը» օտարերկրեայ կազմակերպութիւններուն իրական արժեքի մէկ ջնջին մասի դիմաց.
    գ) պետական տարածքներու իւրացում (օրինակ` Սեւանայ լճափի հողամասեր) Քոչարեանի եւ իր գործընկերներու կողմէն (ցանկը հետագային կը լրացուի):
  • Սերժ Սարգսեանի գործունէութիւնը բնութագրուած է բազմաթիւ բացասական փաստերով եւ որոնց կարգին՝
    ա) իր մաֆիոզ «գործընկերներու» կողմէն շորթման բազմաթիւ դէպքեր կան, որոնք թիրախաւորած կամ խաբած են բազմաթիւ ներդրողներու եւ ձեռնարկատէրերու իր նախագահութեան ընթացքին (2008-2018): Սարգսեանի աւագ եղբայրը յայտնի դարձաւ որպէս «Պրն. 50%» որովհետեւ չկային նոր ձեռնարկութիւններ, որոնք հիմնադրուած էին առանց Սարգսեան կլանի 50% սեփականութեան «նուիրման» գնով: Սա լուրջ մեղադրանք է, որ պէտք է ամբողջութեամբ ուսումնասիրուի: Անօրինական ճանապարհով ձեռք բերուած բոլոր գոյնքերը պէտք է առգրաւուին եւ վերադարձուին պետութեան:
    բ) Սարգսեանի վարչակազմի մեղսակցութիւնը քանդելու Հայ Դատը՝ տխրահռչակ հակահայ թուրքական արձանագրութիւնները ստորագրելու պատրաստակամութեամբ.
    գ) Նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի աշխատակազմի ղեկավարի անոր հսկող աչքերուն տակ էր, որ 1999 թ. Հոկտեմբերի 27-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ սպանդը, երբ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանին եւ միւս պետական ղեկավարներուն գնդակահարեցին օր ցերեկով մինչ նոյն օրը 20 միլիոն տոլարի կաշառքի շնորհիւ Գարեգին Բ-ն կը զաւթէր հայրապետական Սուրբ Աթոռը: Ընթերցողները շատ լաւ կը յիշեն այն փաստը որ 20 միլիոն տոլարի կաշառք խոստացուած էր օրուան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանին: 20 միլիոն տոլարի գումարը «տրամադրուած էր» Լուիզ Սիմոնի եւ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ։
    Երբ վերջինս սպանուեցաւ, տեսաերիզներու վրայ յստակօրէն տեսանք թէ ինչպէս Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեան սատանայական ուրախութեամբ սպանութեան «բարի» լուրը յայտնող թղթիկը համբուրեց եւ ապա նոր յանձնեց իր կլանակից Գարեգին Բ-ին:
    դ) Արժեքի ջնջին մասի դիմաց օտարերկրեայ կազմակերպութիւններուն Հայաստանի ազգային հարստութիւնները «տրամադրելու» չգրուած քաղաքականութեան շարունակումը.
    գ) Պետական տարածքներու իւրացում (օրինակ` Սեւանայ լճափի հողամասեր) Քոչարեանի, Սարգսեանի եւ իրենց գործընկերներու կողմէն: (Ցանկը հետագային կը լրացուի։)
  • Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ անոր կլանը երբեք չեն ոգեշնչած հայ զանգուածներուն որպէս վստահելի անհատներ: Տէր-Պետրոսեանն էր, որ քանդեց Հայաստանի արդիւնաբերութիւնն ու տնտեսութիւնը, իսկ կոպեկներու դիմաց վաճառքի ծածկոյթի տակ բառացիօրէն հափշտակուեցան պետական սեփականութիւն հանդիսացող գոյքերը եւ գործարանները: Գործարանները ընդմիշտ փակուեցան, գործազրկում ստեղծելով հազարաւոր հայրենակիցներու մօտ։ Այդ ժամանակ էր որ մասսայական արտագաղթ սկսաւ։



Յաջորդական բոլոր չորս վարչակարգերն ոլ ձախողեցան Սփիւռքի հետ իրական գործընկերութեան ձեւաւորմամբ` տնտեսութեան զարգացման առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան իրական ծրագիրներու բացակայութիւնը առկայ էր:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ապագային, ապա հայերը պէտք է դասեր քաղեն Ֆրանսայի լեգենդար ղեկավար գեներալ Տը Կոլէն, որ Ֆրանսայի Հինգերորդ Հանրապետութեան գլխաւոր ճարտարապետն էր եւ 1958-1969 թուականներուն գործեց որպէս հիմնադիր նախագահ:

Հայ ազգը պէտք է ընդդառաջ երթայ ամբողջութեամբ հետաքննելու բոլոր չորս ռեժիմները 1991 թուականէն մինչեւ օրս, շտկելու զանգուածային անարդարութիւնները, դասեր քաղելու Առաջին Հանրապետութենէն (1918-1920), Երկրորդ «Սովետական Բռնատիրական» Հանրապետութենէն (1920- 1991 թ.) եւ Երրորդ Հանրապետութենէն (1991-2020թթ.)։

Երրորդ Հանրապետութիւնը հիմնականին մէջ խեղամահ եղած է գողապետութեան կողմէն։ Ուստի հիմա ժամանակն է հիմնելու Չորրորդ հանրապետութիւնը (2021 թվականէն սկսեալ) եւ պատմութեան թարմ էջ բանալու:

Ո՛չ հին գողապետական ռեժիմները, ո՛չ ալ սորոսականները եւ ո՛չ ալ Հայաստանի մէջ գործող որպէս օտարերկրեայ գործակալ հանդէս եկող որեւէ խմբակ կամ անձ պէտք չէ տեղ ունենան Չորրորդ Հանրապետութեան մէջ:

Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը պետք է Ինքնամաքրուին եւ շարժին ընդառաջ, մինչ իւրաքանչիւրս մէկ կողմ պէտք է դնենք մեր մանր տարաձայնութիւնները եւ սկսինք ուժեղ կերպով համագործակցիլ զոյգ հայկական հանրապետութիւններն ու հայ ազգը գոյաթենական մակարդակէն վեր բարձրացնելով զայն հասցնելով կատարողութեան բարձր մակարդակի:

Մեր ազգը արժանի է շատ աւելի լաւին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *