Յեղափոխութեան Պատճառով Իշխանութենէն Զրկուածները Կը Փորձեն Վրէժ Լուծել, Յայտարարեց Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող 17 կուսակցութիւնները, որոնք հանդէս կու գան «Հայրենիքի փրկութեան շարժու» անուան տակ, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22-ը յայտարարած էին իրենց պայքարի ամենէն վճռական օրը՝ ընդհանուր գործադուլի եւ դասադուլի կոչ ընելով ժողովուրդին, սակայն քաղաքացիներուն մօտ այդ կոչը մեծ արձագանք չգտաւ: Փոխարէնը կառավարութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որու ընթացքին ցոյցի կազմակերպիչները դարձեալ պայմանաժամ տուին, այս անգամ Ազգային Ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան մինչեւ երեկոյ բանակցութիւններ սկսելու ընդդմադրութեան հետ:
Դեկտամբեր 22-ի հաւաքի ընթացքին Շարժումը համակարգող՝ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ ցուցարարներու մէկ մասը մնայ Հանրապետութեան հրապարակ եւ շարունակէ ցոյցը, միւս մասը՝ շրջափակէ Կառավարութեան շէնքը:
«Այս կառավարութեան գործունէութիւնը հակապետական է, հակահայկական, հակաազգային եւ այլեւս մեզ պէտք չէ: Սադրանքների չենք տրւում, որեւէ մէկը փորձ չանի մտնի այդ շէնք, որովհետեւ դա այս պահին մեզ պէտք չէ: Ցանկացած շէնք մեր ժողովուրդը միասին, երբ որ ուզենք կը վերցնենք, բայց խնդրում եմ՝ ճիշդ հասկացէք, խնդիրն այս պահին դրա մէջ չէ, սա մեր ուժի կեդրոնն է, մշտապէս պէտք է լինի մարդաշատ, մեր միւս խմբերը կը շրջափակեն կառավարութեան եւ դատախազութեան շէնքերը», – ըսաւ Սաղաթէլեան:
Կառավարութեան շէնքի շուրջ հաւաքուած էին բազմաթիւ ցուցարարներ, իսկ շէնքի մուտքերը շղթայած էին ոստիկանական ջոկատներ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» վարչապետի միասնական թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեան, որ բանակին ու ոստիկանութեան կոչ ըրաւ միանալու ժողովուրդին:
«Հիմա նորից պատերազմ է, պատերազմ է մեր ապագայի համար: Ես կոչ եմ անում բանակին՝ անյապաղ յայտարարութեամբ միացէք մեր ժողովրդին, ես կոչ եմ անում ոստիկանութեանը՝ անյապաղ յայտարարութեամբ միացէք ժողովրդին, անցէք մեր կողմ, այսօր կը լուծենք հարցը», – յայտարարեց Մանուկեան:
Հաւաքի աւարտին ցուցարարներու մէկ մասը վրաններ տեղադրեցին հրապարակին վրայ ու յայտարարեցին, որ գիշերը պիտի մնան այնտեղ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկարագրելով երկրի քաղաքական իրավիճակը յայտարարեց որ, 2018 թուականի յեղափոխութեան պատճառով Հայաստանի մէջ իշխանութենէն զրկուած «վերնախաւը» կը փորձէ վրէժ լուծել:
«Ժողովուրդը, որ 2018 թուականի յեղափոխութիւնից յետոյ զգացել է իր իշխանութիւն լինելու հանգամանքը, չի ուզում կորցնել այդ կարգավիճակը, մանաւանդ հիմա, երբ օգտուելով հանգամանքից, որ իշխանութիւնն առաւել կեդրոնացած է արտաքին անվտանգութեան խնդիրների սպասարկմամբ, ոմանք գործի են դրել «եթէ հանրահաւաքի չգաս, աշխատանքից կ՛ազատուես» տրամաբանութիւնը: Այսպիսով՝ իրական հակադրութիւնը ոչ թէ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ է, այլ 2018 թուականին արտօնութիւններից զրկուած «վերնախաւի» եւ ժողովրդի: Բայց բոլոր դէպքերում վճռորոշ խօսքը ասելու է ժողովուրդը, որովհետեւ եթէ ժողովուրդը իր խօսքն ասի՝ «վերնախաւերը» ոչինչ անել չեն կարող», – Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր վարչապետը:
Փաշինեան յայտնեց է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ ժողովուրդը իր խօսքը ըսելու հնարաւորութիւնը չկորսնցնէ եւ ըսէ այդ խօսքը: «Բայց այս պահին մեզ համար առաջնահերթութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին անվտանգութեան ապահովումն է եւ նշուած գործողութիւններում արտաքին անվտանգութիւնը որեւէ կերպ չպէտք է հարցականի տակ դրուի», – եզրափակած էր վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ յայտարարել, որ չի պատրաստուիր հրաժարական տալ, կամ հրաժարական կու տայ այն պարագային, երբ ժողովուրդի կամարտայայտման հաւաստի դրսեւորում տեսնէ, քանի դեռ այդ չկայ, պիտի շարունակէ իր պարտականութիւնները:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *