«ԱԶԴԱԿ» Դեկտեմբեր 21, 2020

Հարցում մը, բոլոր անոնց, որոնք մինչ այս պահը Նիկոլը կը պաշտպանեն, կը փորձեն զայն արդա-րացնել, կամ, լաւագոյն պարագային, լուռ ու մունջ կրաւորական կեցուածքով կը հետեւին վերջին զարգացումներուն. ԴԵՌ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ (ԿԱՄ ՉԸՆԷ) ան, որպէսզի ձեզի համար ալ «կարմիր գիծերը» հատած ըլլայ: Ի՞նչ փորձանք դեռ պէտք է գայ մեր ժողովուրդին ու պետութեան գլխուն, որպէսզի «կարմիր գիծեր» անցնելու վերագրուին: Որո՞նք են ձեր «կարմիր գիծերը», խնդրեմ, ըսէ՛ք:

Յարգելիս, Ձեր նշած «կարմիր գիծեր»ը վաղուց անցած են, բոլոր անոնք, որոնք Դեկտեմբեր 2018-ին, մերժուեցան հայաստանաբնակ քուէարկողներու կողմէ։
Եթէ ՀՀ ընտրեալ Վսեմաշուք Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինյանի «պաշտպանները կը փորձեն զայն արդարացնել…», դուք ալ, Ձեր կարգին նեցուկ կը կանգնիք գող աւազակներուն, հայրենիքը թալանողներուն, որոնք անցնող քսան տարիներուն փորձանք հանդիսացան Հայ ժողովուրդի գլխին։

Այո՛, մեղաւոր է Վսեմաշուք Վարչապետը, որ անցնող երկուք ու կէս տարիներու իր իշխանութեան օրերուն, բանտախուցերը չի լեցուց, այս օրերուն իրենք զիրենք «հայրենասէր» նկատող երեւելի ամբարիշտները։
Խորհուրդ կուտամ, դաւաճաններ փնտռել Վսեմաշուք Վարչապետի շրջանակէն դուրս։

Յարգանօք՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *