Ազրպէյճանի մնայուն առաքելութիւնը ՄԱԿ-ին ուղղուած նամակին մէջ Հայաստանը կը մեղադրէ Արցախի մէջ վերջերս տեղի ունեցած զինեալ տագնապին ժամանակ մեծ թիւով օտարերկրեայ մարտիկներ, ներառեալ յոյներ հաւաքագրելու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Միլիթըրի Փորթըլ»-ը:
ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչի 18 նոյեմբեր 2020-ին գրուած նամակին մէջ, որ ուղղուած է կառոյցի ընդհանուր քարտուղարին, Ազրպէյճան Յունաստանը մեղադրած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները Արցախ տեղափոխելու յանցանքով:
Մասնաւորաբար, առանց որեւէ ապացոյց ունենալու, անոնք «Օլիմփիք Էրուէյզ»-ը կը մեղադրեն Իրաքէն Հայաստան քիւրտ զինեալներու տեղափոխումը դիւրացնելու յանցանքով:
Այնուհետեւ ազրպէյճանական նամակին մէջ կը նշուի, որ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը յայտնած է, որ զինեալներու առաջին խումբը կազմուած պիտի ըլլայ Յունաս-տանի շուրջ 80 քաղաքացիներէ, որոնցմէ շուրջ 50-ը ծագումով հայ են, 30-ը` ազգութեամբ յոյն:
«Յունական լրատուամիջոցները կը յայտնեն նաեւ, որ հայկական հաւաքա-գրման մէջ ընդգրկուած են Յունաստանի 500-800 քաղաքացիներ, որոնցմէ ոմանք մարտական փորձառութիւն ունեցած են Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւններուն մէջ», իրենց զեկու-ցումին մէջ աւելցուցած են ազրպէյճանցիները:
