Շուռնուխ գիւղի բնակիչները արդէն դուրս եկած են Ատրպէյճանին անցնող՝ իրենց 12 տուներէն։ Այս մասին խօսած է Շուռնուխի գիւղապետ Յակոբ Արշակեանը։
«Մինչեւ հիմա ներքեւի թաղում էին, հիմա արդէն ասֆալթին կը մօտենան։ Արդէն եկել են, մեր սահմանապահներն են այնտեղ, ես էլ իջնում եմ ներքեւ, թուրք կեներալ (զօրավար) էլ կայ, պէտք է տեղակայման տեղերը որոշեն, որոշեն՝ որտեղ կանգնեն»,- ըսած է գիւղապետը:
Տեղահանուած ընտանիքներուն մեծ մասը, գիւղապետի փոխանցմամբ, գիւղին մէջ՝ ազատ տուներու մէջ տեղաւորուած են, մի քանին ալ գացած են Գորիս, մէկը՝ Կապան։
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանցիները մինչեւ 5 յունուարը ժամանակ տուած էին գիւղացիներուն, որ ազատեն Ատրպէյճանին անցնող հատուածին մէջ գտնուող 12 տուները։ Գիւղացիներէն ոմանք այրած են իրենց տուները նախքան Ատրպէյճանին յանձնելը։
Յիշեցնենք, որ սահմանազատումով պայմանաւորուած՝ Շուռնուխ գիւղը երկու մասի կը բաժնուի, մէկ հատուածը՝ 12 տունով կը մնայ Ատրպէյճանին, քանի որ սահմանը կ՚անցնի գիւղը կիսող մայրուղիով։
