ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազին նախաձեռնութեամբ, 12 Յունուարին տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում Ռուսիոյ դատախազութեան աշխատակիցի օրուան առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներու ծիրին մէջ,Մոսկուա գտնուող Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազ Իկոր Գրասնովի մասնակցութեամբ:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն տեղեկացուցին, որ հանդիպման նպատակն էր միջազգային իրաւական ոլորտին մէջ հետագայ շփումներու ձեւաւորման, անոր համար անհրաժեշտ պայմաններու, ինչպէս նաեւ արդիական քանի մը հարցերու շուրջ քննարկման ծաւալումը:
Այդ ծիրին մէջ՝ իբրեւ միջազգային իրաւական գործակցութեան ծաւալման երաշխիք, Արթուր Դաւթեան բարձրացուց 9 Նոյեմբեր 2020ի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 8րդ կէտը կարելի եղածին չափ արագ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ պահուող այլ անձերու սեղմ ժամկէտներու մէջ Հայաստան վերադարձնելը, իսկ մինչ այդ անոնց կեանքը եւ առողջութեան երաշխաւորելը, անոնց այլ իրաւունքները ապահովելու հարցը:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազը շեշտեց, որ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձը կարեւոր երաշխիք կը հանդիսանայ եռակողմանի յայտարարութեամբ ձեռք բերուած միւս պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար:
Այս իմաստով Արթուր Դաւթեան բարձրացուց նաեւ տարածաշրջանը միջազգային ահաբեկչութենէ զերծ պահելու եւ անոր դէմ ընդհանուր պայքարի հարցը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *