Յունուար 11, 2021ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ:
«Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ քննարկ-ուած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաս-տանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան իրակա-նացման ընթացքը, շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիր-ներու լուծման ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, զինուորական գործողութիւններու պատ-ճառով վնասուած շրջաններու բնակիչներուն օգնութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ առեւ-տրական-տնտեսական ու փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման եւ զարգացման հարցերը:
Քրեմլինի մէջ եռակողմ հանդիպման ընթացքին Փութին յայտնեց, որ եռակողմ յայտարարութիւնը հետեւողականօրէն կը գործադրուի: «Շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման համար հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն խնդրանքով ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են: Այս պահուս շրջանին մէջ կացութիւնը խաղաղ է: Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ ղարաբաղցիները կը վերադառնան իրենց մնայուն բնակութեան վայր: Մինչեւ օրս աւելի քան 48.000 ղարաբաղցի արդէն վերադարձած է», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛իրականացուին նաեւ ենթակառոյցներու վերականգնման եւ տարածքներու ականազերծման աշխատանքներ:
Ան նշեց, որ Ռուսիան կը գնահատէ գործընկերային բարի դրացիական յարաբերութիւնները, որոնք ձեւաւորուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ:
Ռուսիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն, որոնք ընդունած են իր հրաւէրըքննարկելու 9 նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան գործադրման հոլովոյթը: Ան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն շնորհակալութիւն յայտնեց արիւնահեղութիւնը կանգնեցնելու, իրավիճակը կայունացնելու եւ կրակոցը դադրեցնելու հարցին մէջ ռուսական կողմի ջանքերուն օգնելու համար: «Այս հարցին մէջ դժուար աշխատանք կատարած են երեք երկիրներու դիւանագիտական եւ զինեալ ուժերու կառոյցները: Մենք մնայուն կապի մէջ էինք եւ միասին փոխզիջումային լուծում փնտռած: Մեր աշխուժ, ներառեալ գիշերային հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ժամանակ եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրեցինք: Այս հիմնական փաստա-թուղթին մէջ նախ եւ առաջ կը խօսուի կրակոցի լիարժէք դադրեցման մասին, ինչպէս նաեւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման եւ պատերազմի պատճառով վնասուած խաղաղ բնակիչները բնականոն կեանքին վերադարձնելուն մասին», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը: Ան շեշտեց, որ Ռուսիան իր բոլոր քայլերուն մէջ փորձած է առաջնորդուիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի որդեգրած քաղաքականութեամբ ու սկզբունքներով շեշտելով, որ իրենց գործողութիւններուն մասին այլ համանախագահներուն նաեւ ներկայիս կը տեղեկացնեն:
Փութին եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպումին ժամանակ եզրակացութեան եկանք, որ եռակողմ համաձայնագիրի կէտերը մեծ հաշուով կը պահպանուին»: Ան ըսաւ, որ Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ հանդիպումին հիմամբ Ղարաբաղի զարգացման մասին միացեալ յայտարարութիւն ստորագրուած է:
Անոր համաձայն, յայտարարութիւնը կը վերաբերի շրջանին մէջ իրավիճակի զարգացման, որոշակի քայլեր կը նախատեսէ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջենթակառոյցներու, նախագիծերու: «Այս նպատակով աշխատանքային խումբ պիտի ձեւաւորուի, որ պիտի գլխաւորեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետները», ըսաւ ան: Փութինի համաձայն, յառաջիկային աշխատանքային խումբը արդէն իսկ պիտի ստեղծէ մասնագիտական խումբեր, որոնք յստակ ծրագիրներ պիտի ներկայացնեն շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու զարգացման համար: Այս համաձայնագիրի իրականացումը, ըստ Ռուսիոյ նախագահին, ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներու շահերուն պիտի ծառայէ, այլ նաեւ շրջանի, ներառեալ Ռուսիոյ, հետաքրքրութիւններուն:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եռակողմ հանդիպումէն ետք Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց. «Աւելի քան երեսուն տարի ետք Ազրպէյճանը Հայաստանի տարածքով փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւն պիտի ունենայ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի տարածքով երկաթուղային ելք պիտի ունենայ դէպի Ռուսիա, Իրան»:
Ան նշեց, որ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջոցով Ազրպէյճանը դէպի Թուրքիա ելք պիտի ունենայ:
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` նշեց. «Ցաւօք, այդ տագնապը տակաւին լուծուած չէ: Յաջողեցանք ապահովել հրադադար, սակայն դեռ կը մնան հարցեր, որոնք լուծուած չեն: Անոնցմէ է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը: Հայաստանը պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ: Ցաւօք, այսօր չյաջողեցանք լուծել գերիներու հարցը, ինչ որ ամէնէն զգայուն ու ցաւոտ հարցն է: Անիկա մարդասիրական հարց է, եւ մենք պայմանաւորուած ենք շարունակել աշխատանքը այս ուղղութեամբ, սակայն մենք կը կարծենք, որ յատկապէս մեր միացեալ յայտարարութեան 8-րդ կէտը ամբողջութեամբ չ՛իրականացուիր: Ես յոյս ունիմ, որ մենք կարճ ժամկէտներու մէջ պիտի կարենանք հասնիլ յստակ լուծումներու», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *