Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի շէնքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի որ դարձաւ երկրի 46-րդ նախագահը, ինչպէս նաեւ երկրորդ նախագահը, որ կաթողիկէ է:
Քամալա Հարիս իր կարգին երդուելով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին կին եւ ոչ սպիտակամորթ փոխնախագահը:
Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Պարաք Օպաման, Ճորճ Ու.Պուշը եւ Պիլ Քլինթընը: Մինչ նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, Տանըլտ Թրամփ մերժեց ներկայ գտնուիլ իր յաջորդի երդման արարողութեանայդպիսով դառնալով 1869-էն ի վեր առաջին նախագահը, որ ներկայ չգտնուեցաւ իր յաջորդին երդման արարողութեան:
78 տարեկան Պայտըն իր խօսքին սկսաւ յայտարարելով, որ «ասիկա ժողովրդավարութեան օրն է, եւ մենք անոր յաղթանակը կը նշենք»
աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «այս վտանգի ձմրան մէջ շատ բան ունին ընելիք, շատ բան դարմանելիք»: Ան յայտնեց, որ երկիրը պէտք է դիմակայէ սպիտակամորթ ցեղապաշտութիւնը եւ ներքին ահաբեկչութիւնը:
«Ես բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը պիտի ըլլամ: Բուռն կերպով պիտի պայքարիմ թէ՛ ալ անոնց համար, որոնք ինծի չզօրակցեցան, թէ՛ անոնց համար, որ զօրակցեցան»:
«Պիտի վերականգնենք մեր դաշինքները եւ աշխարհին հետ անգամ մը եւս գործենք», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը` աւելցնելով. «Ամերիկան փորձութենէն աւելի ուժեղ դուրս եկաւ, եւ աշխարհի վրայ մեր դաշինքները պիտի վերականգնենք»:
