ԳՐԵՑ՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Ներքեւի նկարը, որ առնուած է հանգուցեալ Շառլ Ազնավուրի թաղման առիթով Փարիզ, Ֆրանսա, 100% կը փաստէ Գարեգին Բի եկեղեցական ծիսագիտոթեան հանդէպ ունեցած անգրագետութիւնը։
Կաթողիկոսը չի հանդիսապետէր թաղման, հարսանիքի ու մկրտութեան խորհուրդներուն եւ արարողութեանց, այլ՝ կը նախագահէ։
Շառլ Ազնավուրի թաղման, պէտք էր հանդիսապետէր թեմի առաջնորդը, Փիլոնով եւ առանց Եմիփորոնի։ Իսկ կաթողիկոսը կը նախագահէր առաջնորդի գահին վրայ բազմած։ Այնպէս, ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Արամ Ա.ին։
Այսքանը պէտք է գիտնայ նաեւ Հոգեւոր Ճեմարանի կամ Դպրեվանքի առաջին կարգի աշակերտը։
Եղածը՞, պարզապէս ցուցադրութիւն էր եւ ուրիշ ոչինչ։