Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ վերջ մը կը դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Գերմանիոյ մէջ բնակող 40 տարեկան կռփամարտիկը իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Երեւանէն, ուր կը գտնուի այժմ իր ընտանիքին հետ:
Ան ըսաւ, որ այսուհետեւ մտադիր է իր ժամանակը անցընել իր զաւակներուն, ընտանիքին եւ ծնողներուն հետ:
Հայրենի կռփամարտիկը իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կատարեց 53 մենամարտ, արձանագրեց 47 յաղթանակ եւ կրեց 6 պարտութիւն:
Ան իր վերջին մենամարտը կատարեց 28 ապրիլ 2019-ին, գերմանական Օֆենպուրկ քաղաքին մէջպարտութեան մատնելով դանիացի Փաթրիք Նիլսընը: Հարցումի մը պատասխանելով ան ըսաւ, որ օրին մէկը չի փափաքիր մարզիչ դառնալ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *