Յարգարժան խմբագրութիւն,
Սրտանց կ՛ողջունեմ ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ-ի այս թիւին խմբագրականը:
Այո՛, ցնցահարուածէն որոշ, տրամաբանական ատեն մը ետք պէտք է ՍԹԱՓ գնահատել ստեղծուած իրավիճակը, անոր յառաջացման պատճառները եւ ծրագրել գալիք քայլերը՝ առաջնորդուելով ԱՆԱՉԱՌՈՒԹԵԱՆ, ԿՐՔԱԶԵՐԾՈՒԹԵԱՆ եւ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ սկզբունքներով:
Պախարակելի է մանաւանդ Հայ Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ այսպէս կոչուած հովուապետներուն եւ կոմիտասյովնանեանական, միքայէլաջապահեանական, արշակխաչատրեանական տեսակի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ-ներուն՝ ՀՀի այսօրուայ նիշխանութեան ընդդիմադիրներէն աւելի կրքոտ ելոյթները: Մինչեւ հիմա գիտէինք, որ Եկեղեցւոյ ծառայողները պէտք է համախոհութեան, իրարհասկացողութեան, համերաշխութեան, առնուազն՝ կիրքերու հանդարտեցման կոչողներ պէտք է ըլլան, մինչդեռ ճիշդ հակառակին ականատեսն ենք: Սա կը նշանակէ, թէ ոչ միայն ՀՀի պետութիւնը վերամեկնարկի (դատապարտելի է որ վարչապետ Ն. Փաշինեան կը գործածէ restart օտար բառը), այլեւ մեր ազգային գրեթէ բոլոր կառոյցները: Մինչեւ այսօր գոյատեւած՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՐՇԱՀՈՏԱԾ համակարգով չենք կրնար ոչ միայն առաջ երթալ, այլեւ եղածն իսկ պահպանել:
Մաղթելով խմբագրութեանդ
ամէն լաւն ու բարին,
Գէորգ Եազըճեան, Երեւան