Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի ԱզուլէինԱզրպէյճանի կողմէ հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման առնչութեամբ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է: Նամակներուն մէջ մանրամասն փաստեր ներկայացուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նմանատիպ յանցագործութիւններու հետեւողականօրէն իրականացման վերաբերեալ նախկին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, ապա նաեւ յաջորդած տարիներուն` նպատակ ունենալով մասնակիօրէն կամ ի սպառ ոչնչացնել ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական ներկայութեան որեւէ վկայութիւն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *