44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) գլխաւորող Դաւիթ Տօնոյեանի համոզմամբ՝ 1994 թուականէն հայկական զինուած ուժերու զբա-ղեցուցած տարածքներու պահպանման վերջնա-նպատակը ոչ թէ պատմական արդարութեան վերա-կանգնումն էր, կա՛մ արցախահայութեան եւ Հայաս-տանի երկարաժամկէտ ու կայուն անվտանգութեան ապահովումը, կա՛մ տնտեսական զարգացումը, այլ 26 տարի այդ տարածքներու պահպանմամբ բարե-նպաստ պայմաններ ստեղծուած են ղարաբաղեան բանակցութիւններուն։
Տօնոյեան Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան ժամանակ մօտ եօթ տարի՝ 2010-2017 թուականներուն պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալն էր, թաւշեայ յեղափոխութենէն օրեր անց՝ 2018-ի Մայիսին նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար եւ թողեց պաշտօնը անցեալ տարուայ Նոյեմբերին՝ Ատրպէյճանի հետ պատերազմին կրած պարտութենէն յետոյ։
Յունուար 25-ին հրապարակուած «Մետիամաքսի» հետ զրոյցի ընթացքին, ան ըսած է. «Իմ խորին համոզմամբ1994 թուականից յետոյ հայկական զինուած ուժերի կողմից զբաղեցրած աշխարհագրական բնագծերի պայմաններում ամրա-շինութիւնը, առաջնագծում մարտական հերթապահութեան կազմակերպումը եւ սպառազինումը ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ սարքերով երկարաժամկէտ առումով չէին լուծում արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման ու տնտեսական զարգացման գերխնդիրը։ Ո՞րն էր վերոյիշեալ բնագծերով սահմանազատուած տարածքների պահպանման վերջնանպատակը՝ պատմական արդարութեան վերականգնո՞ւմը, արցախահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկարաժամկէտ եւ կայուն անվտանգութեան ապահովո՞ւմը, տնտեսական զարգացո՞ւմը, թէ՞ Արցախի միջազգայնօրէն ճանաչուած կարգավիճակի դիմաց տարածքների վերադարձման վերաբերեալ վարուող բանակցային գործընթացի համար բարենպաստ պայմանների ստեղծումը։ Վստահաբար՝ ոչ առաջինը, ոչ երկրորդը, ոչ էլ երրորդը։ Երկարաժամկէտ եւ կայուն անվտանգութեան ապահովման ու տնտեսական զարգացման հարցերն առկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններում եղած բնագծերով եւ հայեցակարգային պաշտպանական կեցու-ածքով չէին լուծուելու, ու բանակցութիւնների ձախողումը վաղ թէ ուշ յանգեցնելու էր պատերազմի։ Ուստի, 26 տարի վարուող պաշտպանական եւ արտաքին քաղաքա-կանութեան շրջանակներում՝ առկայ ընկերային եւ ժողովրդագրա-տնտեսական հնարաւորութիւնների սահմաններում ոչ պատերազմական պայմաններում ապահովուել է չորրորդը՝ հայկական կողմի համար «շահեկան» կարգաւորման գործընթացի շարունակականութիւնը»։
Հարցազրոյցին Դաւիթ Տօնոյեան նաեւ խոստովանած է, որ Հայաստան չէ հասցուցած «պատրաստուիլ «անհպում» պատերազմին՝ հինգերորդ սերունդի սպառազինութեան կիրառմամբ»:
Տօնոյեան նշած է նաեւ, որ թերի գնահատուած են Թուրքիոյ անմիջական եւ վարձկաններու զանգուածային ներգրաւումն ու մատակարարման ուղիներու ամբողջական արգելափակման վտանգները։
Անցեալ տարի Նոյեմբեր 10-ին
զինադադարի կնքման յաջորդ օրը, Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ, Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարած էր, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայկական զինուած ուժերը կռուած են սպառազինութեան մատակարարման կատարեալ շրջափակման պայմաններով։
Ըստ Տօնոյեանին` ինք չէ կարողացած յաղթահարել պատերազմի պայմաններուն վարչապետ-Պաշտպանութեան նախարարութիւն-Գլխաւոր շտապ հրամանատարական ուղղահայեացին վերաբերող անյստակութիւնը եւ անկէ առաջացած խոչընդոտները։
