Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շաբաթ օր զրուցած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ան Լիտէի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի գրասենեակը:
Խօսակցութեան ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը, Պիելոռուսիոյ մէջ ընթացող յետընտրական ճգնաժամը լուծելու առնչութեամբ հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու կայուն քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքները յառաջ մղելու ջանքերը:
Պլինքըն իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին ԵԱՀԿ-ի մէջ Շուէտի նախագահութեան եւ կը զօրակցին ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ ձգձգուող տագնապներուն մէջ յառաջընթացի արձանագրման, կլիմայի անվտանգութեան ամրապնդման եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու պաշտպանութեան հարցերուն վրայ Շուէտի կեդրոնացումին:
Միեւնոյն ժամանակ արտաքին գործոց նախարար ԼիտէիՄոսկուա կատարելիք այցելութեան նախօրեակին արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն մտահոգութիւն յայտնած է Ռուսիոյ մէջ չարտօնուած հաւաքները ցրուելու եւ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի ձերբակալութեան առնչութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Լիտէին ԵԱՀԿ-ի սկզբունքները պաշտպանելու Շուէտի յանձնառութեան համար:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *