ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, թէ Կուտինայի (Քիւթահիա) հայկական Սուրբ Թորոս եկեղեցին իր «սեփականատիրոջ» ձեռքով քանդուած է: 1600ականներուն կառուցուած եկեղեցին նախապէս օգտագործուած էր հարսանիքի հանդիսութիւններու համար:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այս գծով մշակոյթի նախարարին հարցագիր մը յղած է՝ հարցնելով, թէ ի՛նչ պաժամիջոցներ կը մտադրուին որդեգրել եկեղեցին քանդող կալուածատիրոջ հանդէպ, որովհետեւ այդ կառոյցը արձանագրուած էր նախարարութեան մշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներու ցանկին վրայ:
Փայլան նաեւ կը նշէ, թէ եկեղեցին կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ այն իմաստով, որ հոն մկրտուած է Կոմիտաս վարդապետը:
