Յարգարժան խմբագրութիւն,

ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ-ի այս թիւին մէջ հետաքրքրական էր կարդալ գերշ. տէր Նորվան արք. Զաքարեանի մտորումները Հայրենիքին ու ընդհանրապէս հայաշխարհին մէջ վերջին երեք ամիսներուն ստեղծուած շատ ծանր կացութեան մասին: Այո?, Նիկոլ Փաշինեանը ու իր <իմքայլական> շրջանակը կը կրեն մեծ պատասխանատուութիւն պատահած աղէտին մէջ, թէեւ ուրիշներ ալ ունին մեղքի իրենց բաժինը? անշուշտ իւրաքանչիւրը տարբեր տարողութեան: Կը սպասէի, որ Նորվան Սրբազան, նարեկացիաբար, ինք առաջիններէն ըլլար խոստովանողը մեղքի իր սեփական բաժինը: Ցաւօք, նման բանի ակնարկ իսկ չնկատեցի գրութեան մէջ:
Նորվան Սրբազան իր յօդուածի վերջաւորութեան գրած է հետեւեալ տողերը. «Պարկեշտութեան եւ պատասխանատուութեան վեհանձնութիւնը կը պահանջէ ասիկա յանուն վիրաւոր եւ վտանգուած ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ [Սրբազանը նկատի ունի Փաշինեանի ու անոր շրջապատին կամաւոր հեռացումը իշխանութենէն – Գ. Ե.]:

Օգուտ չունի անդրադարձը աւերակումէն ետք: … Հոգեւոր դարձ Հայոց ազգին»:
Ի խորոց սրտի ձայնակցելով Նորվան Սրբազանի յորդորին եւ մաղթելով իր ջերմ փափաքին հնարաւորինս շուտ իրականացումը, իմ կարգիս կատարեմ առաջարկ մը նոյնինքն այդ տողերու հեղինակին: Նորվան Սրբազան տասնամեակներէ ի վեր կը տեսնէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռին, մեղմօրէն արտայայտուած, անմխիթար վիճակը, սակայն ոչ ինք, ոչ ուրիշ եպիսկոպոսներ գործնական քայլերու կը դիմեն զայն այդ վիճակին հասցուցած գլխաւոր պատասխանատուին? Մայր Աթոռի այսօրուան գահակալին հեռացումը պահանջելու ուղղութեամբ: Չէ՞ որ պարկեշտութեան եւ պատասխանատուութեան վեհանձնութիւնը կը պահանջէ ասիկա յանուն վիրաւոր եւ վտանգուած ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻՆ:

Նորվան Սրբազանին նշած հոգեւոր դարձը ԱՆՀՆԱՐ է Մայր Աթոռին մէջ երկու տասնամեակէ աւելի տիրող անառողջ բարքերու շարունակութեամբ: Ո՞վ պէտք է վերականգնէ Մայր Աթոռի բարոյական հեղինակութիւնը եթէ ոչ դուք՝ Եկեղեցւոյ իշխան համարուողներդ:
Եւս մէկ հարցում՝ Նորվան Սրբազանին ու առհասարակ բոլոր հայոց. բնակա՞ն կը սեպէք այն փաստը, որ մեր սրբութիւն սրբոցը՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը՝ մեր Տիրոջ Իջման Ս. Սեղանով, ՉՈՐՍ ՏԱՐԻԷ ԱՒԵԼԻ ԳՈՑ ԿԸ ՄՆԱՅ հաւատացեալներուն առջեւ? նորոգութեան պատրուակով: Ինչո?ւ ձեր ձայնը չէք բարձրացնէր եւ հաշուետուութիւն չէք պահանջէր այդ անընդունելի, պատմութեան մէջ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ ՉՈՒՆԵՑԱԾ այդ վիճակին համար:

Նորվան Սրբազա՜ն, «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանը թող ըլլայ Ձեզ առաջնորդողը: Նոյնիսկ մեր Տէրը՝ մարմնացեալ ՍԷՐը, մտրակը վերցնելով եւ առեւտուրի սեղանները տապալելով Իր Հօր տունը մաքրեց զայն պղծած փերեզակներէն: Ինչո՞ւ նոյն կերպ չէք վարուիր: Ինչի՞ կը սպասէք: «Հովիւ քաջ»ը սոսկական բառազո՞յգ է, թէ՝ պէտք է դրսեւորուի կեանքին մէջ:

Յարգանքներով՝
Գէորգ Եազըճեան, Երեւան
5 փետրուար 2021

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *