2 Փետրուար 2021-ին, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանին ձեռամբ Հայ Աւետարանական Քոլեճ-ի նախկին աշակերտ եւ բարերար ու լաւ բարեկամ Պր. Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»-ի շքանշանին, առ ի գնահատանք Քովիտ 19 վարակի բուժման համար իր ղեկավարած Մոտեռնա ընկերութեան ձեռքբերումներուն:
Ստորեւ կու տանք շահեկան հատուածներ իր ելոյթէն՝ անգլերէնէ հայերէնի ազատ փոխադրութեամբ:
«Ծնած եմ Պէյրութի Ուաթուաթ թաղամասին մէջ եւ հասակ առած՝ Քլեմանսօ շրջանին մէջ, ուրկէ կը սկսին իմ յիշողութիւններս մինչեւ 13 տարեկան: Ապրած եմ կեանքը հայ պատանիի մը, որուն ծնողները ապաստան գտած են Լիբանանի մէջ հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Հետեւաբար, սա երախտագիտութիւն է նաեւ Լիբանանին, որ ընդունեց մեծաթիւ հայ գաղթականներ ու որբեր, որոնք տեղահանուած էին իրենց պապենական երկիրէն եւ արտօնեց անոնց զգալու հարազատ երկրի մէջ: Երբ մանուկ էի, կը կարծէի, թէ բոլոր հայերը կ’ապրին Լիբանանի մէջ: Այնքան մեծաթիւ էին անոնք: Կային տասնեակներով հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ. սա հազուագիւտ երեւոյթ է, որ այլ երկիրներու մէջ չես տեսներ: Այս փաստը կ’արտացոլէ լիբանանցի ժողովուրդին հիւրընկալ յատկութիւնը: Իմ մայրս՝ Անայիսը, ծնած է Լիբանան. ան դաշնակահարուհի էր եւ դաշնամուրի ուսուցչուհի. ան մեր մէջ սերմանեց մշակութային արժէքներու իւրայատուկ համակարգ մը, որ կը միաձուլէր լիբանանցին ու հայը: Ես յաճախած եմ Հայ աւետարանական գոլէճը, որ կը գտնուի Հայկազեան համալսարանին կից: Կը յիշեմ մեր ֆութպոլի խաղերը AUB-ի դաշտին վրան, պասքէթպոլի մրցումները ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ. կը յաճախէինք Ս. Նշան եկեղեցին, կը զբօսնէինք Քասլիքի ծովափին: Այս բոլորը դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ:
Մենք Լիբանանը ձգեցինք Օգոստոս 1975-ին՝ պատերազմին բերումով: Լիբանանէն իմ վերջին յիշատակս նաւահանգիստին հրդեհն էր, ուստի շատ ցաւալի էր տեսնել անցեալ տարի՝ 45 տարի ետք, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին նկարները: Այդ պատճառով Օրորա մարդասիրական նախաձեռնութեան իմ գործակիցներուս հետ օժանդակութիւն ղրկեցինք լիբանանեան Կարմիր խաչին՝ մեր աջակցութիւնը յայտնելով Լիբանանին, իր դժուար օրերուն:
Լիբանան միշտ ալ եղած է առիթներու եւ երազներու իրականացման երկիր: Լիբանանցին, մասամբ իր բնութեամբ, մասամբ ալ պատմութեան մարտա-հրաւէրներուն հետեւանքով, այլընտրանք չէ ունեցած, բացի յուսալէ եւ երազելէ: Լիբանանցին տոկուն, հանդուրժող, տառապած, բայց ուրախ, ժողովուրդ է: Ուսումը լիբանանցիին համար հիմնա-սիւն է, ինչպէս եւ են առեւտրական բնազդն ու ստեղծագործ ոգին:
Լիբանանն ու Հայաստանը նման են իրարու: Երկուքն ալ կը գտնուին դժուար մարտահրաւէրներու եւ տարածա-շրջանի մէջ: Տարիներու ընթացքին ո՛չ մէկ երկիր օգնեց անոնց: Երկուքն ալ ունին սփիւռք եւ մեզմէ ոմանք կը պատ-կանին երկուքին: Սփիւռքի գոյութիւնը էական է երկու երկիրներուն ոչ միայն ներկայ, այլեւ ապագայ զարգացման համար: Հարկ է որ երկու պետութիւն-ներն ալ իրենց սփիւռքները ներգրաւեն իրենց ապագան կերտելու գործին մէջ, փոխանակ անոնցմէ միայն օժանդակու-թիւն ակնկալելու:
Լիբանանը տնտեսական ճգնաժամի մէջ է: Միակ լուծումը այնտեղ եւ արտա-սահման ապրող լիբանանցիներուն ձեռներէց ոգին քաջալերելն է: Իմ կարծիքով, ձեռներէցութիւնն ու նորարա-րութիւնը կրնան լուծել տագնապը եւ բարեփոխութիւն յառաջացնել:
Ձեռներէցութիւնն ու նորարարութիւնը կը սկսին երբ այլընտրանքային ապագայի մը տեսիլքը կ’ունենանք: Սակայն շատ դժուար է առանց ձեռներէցութեան ու նորարարութեան իրականացնել երազած ապագան: Շատեր շահաւոր են ներկայ կացութենէն եւ պիտի փորձեն դիմադրել փոփոխութեան: Լիբանանը յաճախ դիմագրաւած է փոփոխութեան դէմ պատուարներ: Կարեւոր է, որ լիբանանցին հաւատայ, որ ի՛նք է որ պիտի յառաջացնէ փոփոխութիւնը եւ ոչ թէ հրաշքներ պիտի պատահին իրեն համար:
Վերջին խօսքս կ’ուղղեմ երիտասարդներուն: Ձեր արմատները պէտք է ամրացնէք ապագային մէջ, ոչ՝ անցեալին: Մայրի ծառին արմատները թող կանչեն ձեզ դէպի աւելի լաւ վայր մը, փոխանակ կաշկանդելու անցեալին մէջ: Մտածեցէք, թէ ինչպէս ձեռներէց անձ մը իր արմատները կը հաստատէ ապագային մէջ եւ հոնկէ կու գայ ներկային՝ լաւացնելու այսօրուան իրականութիւնը եւ իրականացնելու իր տեսիլքը:
Ինչպէս տարբեր առիթներով սովորութիւն էր մեր դպրոցին մէջ, հիմա ալ խօսքս կ’աւարտեմ լիբանանցի փիլիսոփայ բանաստեղծ Ժպրան Խալիլ Ժպրանէն մէջբերումով մը, ըսելով «վստահեցէք ձեր երազներուն, որովհետեւ յաւիտենականութեան դարպասները այնտեղ կը գտնուին»:
Հայ Աւետարանական Քոլեճ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *