ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ


Չըսելու համար սրբապղծութիւն, գրութեանս խորագիրը կոչեցինք այլանդակութիւն: Անհաւա-տալի բայց իրաւ…: Դիտեցէ՝ք Վարդանանց ճակամարտի նոր հերոսները եւ հպարտացէք Աւարայրի նոր «սուրբերով»: Անձ մը որքա՜ն այլասերած պէտք է ըլլայ որ նման պատուէր մը տայ արուեստագէտին: Կասկածէ վեր է որ արուես-տագէտը առատօրէն գնահատուած եւ պարգե-ւատրուած է է իր այս «գլուխ գործոց» նկարին համար: Հոգին ծախած այս արուեստագէտը դժբախտաբար, պատրաստ է ամէն ինչ ընելու մամոնայի սիրոյն:

Որքան արուեստագէտն է Աւարայրի նահատակներուն սրբացեալ յիշատակը պղծողը, առաւել եւս դատապարտելի է արաքը այ՝ն «եկեղեցականներուն» որոնք յատուկ մտադրութեամբ եւ դիտաւորութեամբ ապսպրեցին այս նկարը եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք որ անոնց հիւանդագին մտադրութիւնը միայն նողկանք կը յառաջացնէ հաւատացեալ հայու հոգեկան աշխարհը փոթորկելով:
Ապահովաբար բարոյական այս փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքները պիտի չկրէր հայ ժողովուրդը եթէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահին վրայ նստած չըլլար անձ մը որ զուրկ է քրիստոնէական եւ բարոյական սկզբունքներէ: Ահաւասիկ այսպիսի կեղծ եկեղեցականներ, նոր սերունդներու մէջ ցամքեցուցած են հոգեկան հայեցողութեան եւ աննիւթին ու բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքներու ակերը: Հետեւաբար՝ նման կեղծ եկեղեցականներու մօտ, չկայ հաւատքի հասկցուած ըմբռնումը, եւ ո՝չ ալ մարդկային հաւատաւոր միտքին միստիքականութիւնը:


Մենք այսօր կրօնական տեսակէտով կը գտնուինք ահաւոր հոգեւոր փլուզումերու առջեւ: Հոգիներու մէջ ցամքած են բարութեան, սիրոյ եւ գեղեցկութեան ակերը: Հոգեկան եւ բարոյական կեանք մը ապրեցնելու համար սրբավայրի մը պէտք ունինք: Մեզի համար անհրաժեշտը ո՝չ ծէսերու շոշոկանքն է, ո՝չ դաւանաբանական խնդիրներու ծեքծեքումները եւ ո՝չ ալ Ոսկի հորթի պաշտամունքը: Մեզի անհրաժեշտ է առաւել քան երբեք, մեր դարու ստորնաքարշ եւ սողացող կեանքը լուսաւոր մտատիպարներու, սիրոյ եւ խաղաղութեան ներկայացուցիչ դիւցազներու եւ ո՝չ «պիզնէսմէններու» որոնք կը կեղեքեն ազնիւ հոգեւոր զգացումները մեր տառապեալ ժողովուրդին:
Ուր որ իտէալը կը պակսի, ուր որ գեղեցիկ մտատիպարները փոշիի վերածուած են ուր հա-ւատքին գերընտիր մասը կազմող Յոյսը կը թառամի, մարդկութիւնը կորսնցուցած կ՝ըլլայ իր գերագոյն ոյժը, իր ՀՈԳԻՆ: Առանց հաւատքի, առանց յոյսի եւ սիրոյ, կեանքը շղթայ մըն է մարդկութեան վզին անցուած: Դժբախտաբար՝ եկեղեցին ունեցաւ իր մեծ բաժինը մեր ժողովուրդի հոգեկան եւ բարոյական քայքայումին մէջ եւ տակաւին կը շարունակէ, որուն լաւագոյն ցուցանիշներէն մէկն է վերեւ զետեղուած «նոր սուրբերու» նկարները:

Եկեղեցականութիւնը, եթէ գիտակ ըլլար իր կոչումին, ո՝չ միայն արժեցուցած եւ պահպանած պիտի ըլլար իր գոյութիւնն ու ազդեցութիւնը, այլ եւ ներկայ տագնապալից օրերուն աւելի օգտակար եւ բարոյացուցիչ ուղղութիւն մը պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի ամէօրեայ կեանքին մէջ. բայց դժբախտաբար այդ չէ իրողութիւնը: Այսօր բոլորովին տարբեր են մարդկութեան պահանջները, զգալի եւ նոր բարոյականի մը պէտքը, բարոյականի մը՝ որ աւելի առողջ եւ մաքուր հիմերու վրայ դրուած ըլլայ: Անշուշտ պիտի գայ օրը, երբ հայ ազգը ձերբազատուած իր կրօնական եւ ընկերային նախապաշարումներէ իրեն համար պիտի ստեղծէ նոր բարոյական մը հիմնուած եւ խարսխուած սիրոյ սկզբունքներու վրայ, անկէ ստանալու իր գոյութեան երաշխիքը: Սիրոյ անձնուրացութեան զգացումն է որ իր ետեւէն կը բերէ փոխադարձ զոհողութիւն եւ հնազանդութիւն:

Պէտք է ընդունիլ որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն խոյս տուած է հոգին: Մեռած ծէսի մը դիակին է որ կը հանդիպինք հոն, ուր չկայ զգալու, ապրելու եւ ապրե-ցընելու կարողութիւնն ու հաղորդականութիւնը: Չկան հոգեւոր մատակարարներ, այլ կան միայն կրօնական շարժապատկերի դերակա-տարներ, որոնք իրենց կար-դացած աղօթքներուն իմաստն անգամ չեն գիտեր: Պէտք է կենդանացնել տառը, պէտք է շունչ ու հոգի տալ մեր արարողութեանց:

Եկեղեցին զուրկ է հեղինակութենէ եւ հեղինակութեան կորուստը մենք կը պարտինք կուսակրօնութեան ապրած անկանոն սանձարձակ կեանքին, եւ անոր ցուցադրած օրինակին: Ի՞նչ հեղինակութիւն կարելի է սպասել հիւանդ մարմինէ մը: Անձնական օրինակը ամենէն պերճախօս քարոզն է հեղինակութեան եւ կարգապահութեան ոգի ստեղծելու համար: Դժբախտաբար մինչեւ այսօր՝ կուսակրօնութեան ցուցադրած անձնական օրինակը գայթակղական եղաւ եւ առաւել եւս քայքայիչ, որուն ցայտուն օրինակը կը տեսնենք Մայր Աթոռէն ներս գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի: Ահաւասիկ այս բոլորին արդիւնքն է վերեւ զետեղուած այլանդակ նը-կարը: Պորտաբոյծ եկեղեցականներու այս կազմով կա-րելի չէ կենդանացնել եկեղեցին եւ հետեւաբար ժողովուրդը:
Կը հաւատանք որ Հաց. Առաքելական Եկեղեցին ազգային կարեւոր հաստատութիւն մըն է որուն վիճակւած է կարեւոր դեր, որպէսզի կանգուն մնան ազգային արժէքները ընդհանրապէս, իրաւունքի եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ: Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Հայց. եկեղեցին պատմական իր կոչումի ճամբէն շեղած է ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ ազդակներու, պատճառներու եւ դասալքութեան հետեւանքով կանգնած է գահավիժումի եզրին: Հայց. Եկեղեցին դարձած է կղերատիրական հաստատութիւն մը, անտեսելով ամէն ժողովրդապետական օրէնք, կարգ ու կանոն:

Ժամանակն է որ կազմակեպութիւններ, հանրային ղեկավարութիւն, գիտակից հոգեւորականութիւն եւ պատասխանատու աշխարհական մտաւորականութիւն կոչումն ու պատասխանատուութիւնը զգան պայքարի գնով պաշտպանելու այն ինչ որ մինչեւ հիմա շահուած է ժողովրդային բուռն պայքարով. Ըլլալ նախանձախնդիր եւ գրչապայքարի ճամբով դուրս շպրտել բոլոր անոնք՝ որոնք Տիրոջ տունը վերածած են վաճառատան: Այսուհետեւ ներելի չէ հայուն կրաւորականութիւնը….

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
15 Փետրուար 2021
Լոս Անճէլըս

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *