Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրդամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ԺԴԿ) հայ պատգա-մաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին միջո-ցով յայտնած է, որ դիմած է իրաւապահ մար-միններուն՝ մեղադրանք ներկայացնելով ազրպէյճանցի այն կնոջ դէմ, որ յայտարարած է, թէ կը փափաքի գլխատել 20 հայ:
Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Թուրքիոյ մէջ իրականացուած հարցումներէն մէկուն ժամանակ՝ ազրպէյճանցի կնոջ մը հարցուցած են. «Ի՞նչ կրնայիք ընել` գիտնալով, որ ատոր համար ձեզի ոչինչ կ՝ընեն»:
Ան առանց երկմտելու պատասխանած է. «Ես 20 հայու գլուխ կը կտրէի»:
