ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Փաշինեանի ռեժիմը իշխանութեան եկաւ Հայաստանի նախկին գողապետներու՝ մասնաւորապէս նախկին նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի դէմ լայնածաւալ ժողովրդական ընդվզման ալիքի շնորհիւ։
Հայաստանի 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութիւնը տապալեց ծայրաստիճան կոռումպացուած նախկին ռեժիմը, որ կը չարաշահէր իր կապերը Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի հետ եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Ռուսաստանի ի վնաս:
Նախկին գողապետական օլիգարխները եւ անոնց 17 քաղաքական խումբերը + լայնօրէն վարկաբեկուած «կաթողիկոս» Գարեգին Բն աննախընթացօրէն տկարացուցին Հայաստանի զինուած ուժերն ու տնտեսութիւնը ռուսական հովանաւորչութեան «քողի տակ»:
Միայն վերջերս պարզուեցաւ, որ ոչ Քոչարեանը, ոչ ալ Սարգսեանը, իրենց ստրուկ «կաթողիկոս» Գարեգին Բ-ի հետ միասին, որեւէ ազդեցութիւն չեն ունեցած Քրեմլի վրայ:
Այնուամենայնիւ, գործնականութեան մէջ գողապետական ռեժիմի բոլոր նախկին տարրերը ակամա վնաս հասցուցին Ռուսաստանի վարկին աշխարհի հայութեան լայն շրջաններէն ներս: Բազմաթիւ հայեր սկսան հարց տալ. «արդէօ՞ք Ռուսաստանը յատուկէն կը զօրակցի Հայաստանը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղցին ներսէն քանդել ուզող ժխտական ուժերուն»։
Եւ հիմայ, 44-օրեայ Արցախեան պատերազմին յաջորդող ամիսներու ընթացքին, Քոչարեանի վերահսկողութեան տակ գտնուող 17 + 1 ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ շարք անյաջող փորձեր եղան՝ ստիպելու Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկօլ Փաշինեանի հակասահմանադրական հրաժարականը:
Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, նախկին նախագահ Քոչարեան մի քանի օր առաջ գաղտնի կերպով իր հիասթափութիւնը յայտնած է 17 + 1-ի՝ հիմնականում Հայաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դաշնակցութիւն» (Հայաստանի ՀՅԴ-ի) ղեկավար Իշխան Սաղաթելեանին եւ այլ ընդդիմադիր այլ կուսակցութեան ղեկավար / նախկին ԱԱԾ պետ Արթուր Վանեցեանի վերաբերեալ: Քոչարեան զայրացած՝ դժգոհած է, որ իր բողոքի բազմաթիւ ցոյցերու մասնակիցներուն $ 500,000 (կէս միլիոն տոլար) յատկացումը ապարդիւն եղած է՝ Փաշինեանի հրաժարականը պարտադրելու առումով:
Ի նշան 17 + 1 խմբաւորումի շարքերէն ներս առաջացած ներքին ճեղքերու, վերջերս ՀՅԴ ղեկավար Սաղաթելեանի եւ մէկ այլ ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար՝ Վանեցեանի միջեւ բռնկուած վէճն է: Կը հաղորդուի, որ փոխադարձ մեղադրական խօսքեր արձակման ժամանակ Վանեցեանը գաւաթ մը տաք սուրճ նետած է Սաղաթելեանի վրայ:
Մինչ աշխարհի հայութեան լայն զանգուածները գոհ չեն Փաշինեանի ներկայ ռեժիմի գործելակերպէն, սակայն անոնք կտրականապէս դէմ են նախկին գողապետական օլիգարխներու, անոնց շարքին՝ Տէր-Պետրոսեանի, Քոչարեանի, Սարգսեանի եւ անոնց զինակիցներու իշխանութեան վերադառնալուն:
2020-ի 44-օրեայ պատերազմէ ետքը շարք մը տեղեկագրութիւններ ի յայտ եկան այն մասին, որ նախկին իշխանաւորներ՝ Քոչարեանի եւ Սարգսեանի բարձրաստիճան սպա գործակալները ակտիւօրէն սաբոտաժ ըրած են զինուած ուժերու դէմ‘ մեկնելով պատերազմի տարբեր ճակատներ եւ տարածելով կեղծ քարոզչութիւն, թէ «մեր զինւորները պէտք չէ կռուին այն հողերու համար, որոնք Փաշինեանը արդեն վաճառած է Ատրպէյճանին»: Բազմաթիւ անկախ դիտորդներ, որոնք կողմնակից չեն ոչ նախկին իշխանաւորներուն եւ ոչ ալ ներկայ ռեժիմին, կը խորհին, որ նախկին իշխանաւորներու գործակալներն են որ դաւաճանութիւն գործած են թուրք-ատրպէյճանական համագործակցութեան ֆոնին՝ հայերուն պարտութեան մղելու համար:
Վարկազրկուած եւ կոռումպացուած հայոց «չկաթողիկոս» Գարեգին Բն նոյնպէս միացած նախկիններու խմբին՝ պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը: Բայց՝ ապարդիւն: Գարեգին Բն եւ իր համակլանակիցները տարբեր թեմերէ ներս օրինակ Մոսկուայի Եզրասը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմական առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեան, Մանուկ քհն. Մարգարյան, Մարգարյանի որդին եւ թեմի վարիչ Յարութ Մարգարյան, Սինան Սինանեան, Յովսէփ Կանիմեան եւ այլք խորապէս մտահոգուած են իրենց մութ գործարքներու բացայայտման համար։
Եu հիմա, հայկական բանակի բարձրագոյն կարգ մը ղեկավար տարրեր նոյնպէս միացած են «երգչախմբին՝» պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը՝ խիստ հակադրուելով աշխարհի հայութեան հսկայ մեծամասնութեան կամքին դէմ:
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» եւ USA Armenian Life շաբաթաթերթերը համոզուած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է պահպանուի, եւ ժողովրդավարական համակարգը պէտք չէ խաթարուի: Օրէնքի գերակայութիւնը պէտք է մշտապէս պահպանուի, եւ ժողովուրդի մեծամասնութիւնն է, որ պէտք է որոշէ Հայաստանի քաղաքական ներկան եւ ապագան, եւ ոչ մէկ օլիգարխի կամ օլիգարխներու խումբերու պէտք չէ թոյլատրուի բռնազաւթել Հայաստանի գերիշխանութիւնը:
Քոչարեանամէտ ռազմական ղեկավար տարրեր քաղաքացիական հասարակութեան եւ ներկայ Փաշինեանական ռեժիմի հետ միասին պէտք է ամէն բան ընեն, որպէսզի ամրապնդեն Հայաստանի ներքին կայունութիւնը, որպէսզի հանրապետութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ հաղթահարելու արտաքին ռազմական մարտահրաւէրներն ու տնտեսական դժուարութիւնները: Իշխանութեան որեւէ փոփոխութիւն պէտք է իրականացուի խաղաղ եւ կարգաւորուած ճանապարհով:
Հայաստան չի կրնար մենաշնորհումը դառնալ ժողովուրդի փոքր հատուածի մը: Քաղաքական մանդատը ձէռք կը բերուի մեծամասնութեան կամքով‘ օրինական, ազատ եւ արդար ընտրական գործընթացներու միջոցով:
Հայաստանի քաղաքական ապագան պէտք է որոշեն ոչ թէ օլիգարխները, այլ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը։