ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Եկեղեցին հայկական
ծննդավայրն է հոգւոյս.
Վ.Թ.
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատ-մական առաջին տեղեկութիւնները կը քաղենք Ագաթանգեղոս պատմիչէն որ կը նկարագրէ թէ ինչպէս Գրիգոր Լուսաւորչի ջանքերով եւ Տրդատ թագաւորի հրամանով, Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք դարձաւ Հայաստանի մէջ: Նոյն այդ հրամանով, բոլոր մեհեաններուն գանձերն ու կալուածները նուիրուեցան եկեղեցւոյ, ստուար եկեղեցականութեան ապրուստը ապհովելու համար: Դժբախտաբար սակայն՝ ինչպէս Փաւստոս Բիւզանդ կը վկայէ, Պապ Թագաւոր Մեծն Ներսէսի մահէն ետք յարքունիս գրաւեց Տրդատ Թագաւորի կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած կալուածներուն մեծ մասը, նոյն ատեն պակսեցնելով եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան թուաքանակը:
Դժբախտաբար պատմութիւնը ժլատ է այս մասին եւ չենք գիտէր թէ Պապ թագաւորէն ետք, ուրիշ հայ թագաւորներ ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրին: Մեզի ծանօթ իրողութիւնը ա՝յն է որ Հայոց թագաւորութիւնը ջնջուեցաւ 428 թուականին եւ Հայաստան բաժնուեցաւ Պարսիկներու եւ Յոյներու միջեւ եւ այնուհետեւ հայ ժողովուրդը իր միութեան եւ ինքնութեան մէջ պահողը եղաւ Հայց. Եկեղեցին:
Վերեւ յիշատակուած ժամանակամիջոցին կը պարտինք նաեւ գրերու գիւտին հրաշքը, եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ եւ Վռամշապուհ թագաւորի առատաձեռն քաջալերանքով : Եկեղեցին որպէս կրօնական հաստատութիւն, հայ պետականութեան նեցուկ կանգնեցաւ անշահախնդրօրէն եւ սակայն Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք պարտաւորուեցաւ բազում զոհողութիւններով հայ ժողովուրդի ներքին ինքնավարութիւնը ապահովել, Հայաստանի վրայ խուժող օտար պետութիւններու դէմ: Եկեղեցւոյ մեծագոյն հերոսական քայլը եղաւ երբ Վարդանանց պատերազմի ընթացքին, խաչը իր ձեռքին՝ բանակին հետ միասին Աւարայրի դաշտ իջաւ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Նման վերաբերմունք ցոյց տուաւ նաեւ Յոյներու գերիշխանութեան տակ մնացած Հայաստանի մէջ, ձուլումը արգիլելու համար, անվերջ դաւանաբանական խնդիրներու եւ վիճաբանութիւններու արհաւիրք մը անցուց, մինչեւ բիւզանդական կայսրութեան կործանումը:
Տարբեր չէր վիճակը Հայաստանին՝ Արաբական եւ Սելճուգեան գերիշխանութեան դառնագին շրջանին: Դարձեալ եկեղեցին էր որ միջնորդի դեր կը կատարէր ի գին մեծ զոհողութիւններու: Հայց. եկեղեցին նոյն անվեհեր իր դերը կատարեց նաեւ երբ կիլիկեան անկախութեան տարիներուն պատուար հանդիսացաւ Հռոմի եւ Բիւզանդիոնի կրօնաքաղաքական մրցակցութեանց:
Այս կարճ պատմականը պերճախօս վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ ունեցած դերին հայ ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Եկեղեցին ի գին ամէն զոհողութեան ջանաց պահել իր դիրքը, ի նպաստ Հայ ժողովուրդի եւ Հայ պետականութեան: Այլ խօսքով՝ Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը Լուսաւորիչէն մինչեւ Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումը, որպէս հոգեւոր հաստատութիւն կատարած է մարդասիրական եւ բարեգործական մեծ գործեր իբրեւ գործնական արդիւնք Աւետարանի ուսուցման:
Հայց. Եկեղեցին շարունակեց իր առաքելութիւնը մինչեւ որ երկու նոր հզօր պետութիւններ կազմուեցան. արեւելքի մէջ Օսմանեան պետութիւնը եւ արեւմուտքի մէջ Ռուսական կայսրութիւնը որոնք իրենց քաղաքական կշիռն ու ներկայութիւնը զգալի դարձուցին ամբողջ աշխարհի մէջ: Մինչ այդ՝ եթէ ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը նշաւակ էր պարսիկ շահերու եւ խաներու հարստահարութեանց, հիմայ ալ Ռուսական պետութեան «բարեխանամ հոգատարութեան» ներքեւ Հայց. Եկեղեցւոյ պարտադրուեցաւ «Պօլօժէնիէ»ն, կայսերական վաւերացումէն ետք 1836ին: Այնուհետեւ՝ Հայց. Եկեղեցին պիտի չկարենար պահել իր հմայքն ու իրաւունքը բոլոր հայութեան վրայ ի սփիւռս աշխարհի: Այս իրողութեան յաջորդեց Մայր Աթոռի կալուածներու եւ նուիրական գանձարանին գրաւումը:
Վրայ հասաւ անկախ Հայաստանի գոյութիւնը ու ապա խորհրդայնացումը: Այս բոլորին մէջ Հայ Եկեղեցին ունեցաւ նաեւ իր ճակատագրական պահերը զանազան ելեւէջներով, բայց երբէք չկորսնցուց իր կամքն ու կորովը Հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու տենդագին աշխատանքին մէջ: Այսօր սակայն, խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք երբ Հայաստան կրկին անկախացած է. Հայց. Եկեղեցին՝ Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր անդաստանին մէջ նոր ակօսներ բանալու փոխարէն, լծուած է ոսկի հորթի պաշտամունքին, այլ խօսքով՝ մամոնային: Չկան երբեմնի նուիրեալ քաջ եկեղեցականները (բացառութիւնները միշտ յարգելի են) որոնք անսակարկ ծառայեցին աստուածային սկզբունքներու համաձայն, ապրեցան եւ ապրեցուցին Աւետարանը իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ:
Կրօնքին մարդկայնական բարձ սկզբունքներն են որ կ՚ստեղծեն ընկերային հաւասարութիւնը, յարգանքը օրէնքին եւ կարգուկանոնին: Իրողութիւն մը որ կը պակսի մեր եկեղեցականութեան մօտ դժբախտաբար եւ ահաւասիկ անոր արդիւնք է Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հեռուստատեսիլէն արտայայտած ձաբռտուքները, որպէս թէ եկեղեցւոյ դէմ հալածանք կայ ներկայիս, իրողութիւն մը որ երբեք չի՝ համապաստախանէր իրականութեան: Ընհակառակը՝ Եկեղեցին կը մնայ սրբութիւն սրբոց եւ եկեղեցականի վարկն ու կենացաղն է խնդրոյ առարկայ, նամանաւանդ վերջին քսանամեակին: Եկեղեցականը օրինակելի տիպարը պէտք է ըլլայ ժողովուրդին եւ մենք պիտի ուզենք ունենալ գիտակից ու պարտաճանաչ եկեղեցականութիւն մը, որ իր մէջ մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած նուիրումի սէրը: Նոյնանայ ժողովուրդին հետ, իւրացնելով անոր ցաւերը: Ներշնչուի անոր տառապանքէն, որպէսզի իր կուրծքին վրայ զգայ ժողովուրդին սրտի զարկերը եւ ըստ այնմ կատարէ իր պաշտօնը:
Անկասկած որ մենք պիտի չուզէինք որ Միքայէլ սրբազան ըլլայ միայն խորհրդակատար, ինչպէս ի՝նք կը բողոքէր իր հարցազրոյցին մէջ, ընդհակառակը մենք պիտի ուզէինք տեսնել զինք իր ժողովուրդին հետ եւ իր ժողովուրդով, առանց անբարտաւանութեամբ մխրճուելու քաղաքական գիտութեանց մէջ, իրողութիւն մը որ իր կարողութենէն եւ գիտութենէն վեր է: Թոյլ տուէք սրբազան, որ քաղաքագէտներ զբաղին այդ գործով եւ դուք կատարէք այ՝ն Աստուածահաճոյ գործերը որուն համար ծունկի եկաք Ս. Խորանին առջեւ:
Եթէ չէ՝ք փափաքիր միայն խորհրդակատար ըլլալ ստուար եկեղեցականութեան նմա, ձեզի կը թելադրենք հետեւիլ հանգուցեալ Սեպուհ Եպս. Ջուլճեանի Աստուածահաճոյ գործունէութեան ակօսներուն, ուր ցանուած սերմերը ատոք հասկերու են վերածուած արդէն այսօր, սկսած Ծիծեռնակ Ճամբարէն մինչեւ անօթեւաններու նորակառոյց տուները: Չմոռնամ յիշեցնելու նաեւ մանկա-պարտէզներու նորոգութիւնն ու բացումը:
Այժմ հարց տանք Միքայէլ սրբազանին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հոգեպէս դիմանալ ի տես իր առաջնորդական թեմէն ներս ապրող, երկրաշարժի արհաւիրքէն ճողոպրած սերունդ մը որ 32 տարիներ ետք, տակաւին կ՚ապրի ահաւոր պայմաններու տակ, խեղճուկ խոնաւ «տոմիկներու» եւ կամ «սիլինտրներու» մէջ, այդ ալ Կիւմրիի ցուրտ եղանակին: Կրնա՞յ ըլլալ որ պահ մը մտածեց որ այս աղքատ ընտանիքները իր եկեղեցական արարողութիւններէն աւելի պէտք ունէին կարեկցանքի, ապահով երդիքի եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման, որուն մէջ ինք կրնար ներդրում ունենալ, փոխանակ ապսպրուած հեռուստատեսային ելոյթներ ունենալու: Օրինակ առէ՝ք ձեր միաբանակից եղբօր Սեպուհ սրբազանի Աստուածահաճոյ գործունէութենէն եւ ձեր աղօթքները թող ըլլան միայն ձեր հոգիի փրկութեան եւ ապաշխարութեան համար:
Յաճախ կրկնած ենք, որ եկեղեցին եկեղեցականներու սեփա-կանութիւնը չէ եւ երբէք այդպէս չէ եղած դարերու ընթացքին: Դժբախտաբար Հայց. Եկեղեցին կորսնցուցած է իր երբեմնի հմայքն ու փառքը, որովհետեւ շեղած է իր պատմական կոչումէն եւ հոգե-մշակութային մատակարարման ճամբէն: Ժամանակն է որ ստեղծենք հանրային գիտակցութեան զարթօնք մը փրկելու Հայց. Եկեղեցին: Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի երբ հայրենիքը ապակառուցողական անկայուն վիճակի մէջ է, եկեղեցին պէտք է զերծ մնայ քաղաքական որեւէ գունաւորումէ, հակառակ պարագային ան կը դառնայ հաւաքական խաթարումի եւ այլասերումի թատերաբեմ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
5 Մարտ, 2021