Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որով կը վերահաստատէ Լոս Անճելըս քաղաքի աջակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Այսպիսով, խորհուրդը 9 նոյեմբերը հռչակած է ազրպէյճանական յարձակումի զոհերու յիշատակի օր եւ ժամանակաւորապէս դադրեցուցած Լոս Անճելըս-Շուշի բարեկամութեան ծրագիրըմինչեւ քաղաքի վերաազատագրումը բռնագրաւումէն:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի նաեւ, որ խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկելու համար Ազրպէյճան կիրարկած է տարանջատուող ռումբեր եւ միջազգային օրէնքով արգիլուած այլ զինատեսակներ, որոնց շարքին
սպիտակ ֆոսֆոր:
