Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անն Լինտէի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը անցեալին մէջ մնացած է եւ պէտք է դէպի առջեւ նայիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Այժմ տագնապը անցեալին մէջ է, եւ մենք պէտք է ապագային նայինք: Այսօր մենք ձեզի հետ քննարկեցինք մեր տեսա-կէտները ապագան կառուցելու մասին: Կը կարծեմ, որ պատերազմէն ետք վերջին 4 ամիսները ցոյց կու տան երկու կողմի ձգտումը փակելու էջն ու կեդրոնանալու ապագային վրայ», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ նշած է, որ Պաքուն ու Երեւանը արդէն բանակցային հոլովոյթի սկսած են փոխադրա-միջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջա-փակման հարցով:
«Ատիկա 9 նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան մաս կը կազմէ: Արդէն շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են տարբեր մակարդակներու վրայ: Ատիկա կրնայ շրջա-դարձային կէտ դառնալ պատերազմի էջը ամբողջովին փակելու եւ զայն պատմութեան ձգելու համար: Հաղոր-դակցութիւններու բացումը շահաւէտ պիտի ըլլայ շրջանի բոլոր երկիրներուն համար, նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ», ըսած է ան:
Պաքուի մէջ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անն Լինտէի հանդիպումը նախ տեղի ունեցած է առանձնազրոյցի ձեւաչափով, ապա հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լինտէ իր կարգին յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ-ը «պիտի նայի, եթէ կայ որեւէ բան, որ կրնանք ընել նպաստելու ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ տագնապի լուծման», եւ շեշտած է, թէ այս առումով միջազգային օրէնքը, մարդկային իրաւունքները, մարդասիրական օրէնքը, խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ԵԱՀԿ-ի համար գլխաւոր առաջնահերթութիւններ են:
Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի ներգրաւուածութիւնը տագնապի լուծման գործին մէջ:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ կառուցողական քննարկումներ կատարուած են ԵԱՀԿ-ի հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ շրջանային հոլովոյթներու շուրջ:
«Ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու կարեւոր դերըչլուծուած խնդիրներու լուծման գործին մէջ», գրած է Լինտէ:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Լինտէն Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Քննարկուած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը, ղարաբաղեան խնդիրը, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան գործա-դրումը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակ-ցութիւնը:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Ազրպէյճանը բոլոր պատերազմական գերիները վերադարձուցած է Հայաստանին: Ազրպէյճանի տարածքին 26 նոյեմբեր 2020-ին ձերբակալուած անձերը պատերազմական գերիներ չեն: Այս անձերը կատարած են ահաբեկչական գործողութիւններ, եւ Ազրպէյճանի մէջ կը շարունակուի անոնց նկատմամբ հետա-քննութիւնը», ըսած է Պայրամով:
Ան նշած է, թէ հայ զինուորները քաղաքացիական փոխադրամիջոցներով մուտք գործած են Ազրպէյճանի տարածք: Ըստ անոր, այդ առնչութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններուն զեկուցումներ ներկայացուած են: «Մենք միջազգային կազմակերպութիւններուն անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը տրամադրած ենք: Բոլոր միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրեն այս առումով: Խաղաղութեան վերականգնման համար կողմերը պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները», նշած է Պայրամով:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ իր երկիրը համաձայն է ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին, Ազրպէյճանը սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքին հիման վրայ համագործակցութեան ձեւաւորման կողմնակից է: «Ասիկա շրջանին մէջ համակեցութեան եւ խաղաղութեան կարելիութիւններ կը ստեղծէ: ԵԱՀԿ-ի հետ այս ուղղութեամբ գործակցութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ», ըսած է ան:
Նշենք, որ կը նախատեսուէր, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը երէկ երեկոյեան հասնէր Հայաստան
քննարկելու համար ղարաբաղեան խնդիրն ու պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութիւնը:
