Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու իր տոմսը ապահոված Վազգէն Թեւանեան (65քկ) երէկ բաւական շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ տիրացաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի գօտիի ողիմ-պիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքի ախոյեանի կոչումին:
Արդարեւ, աւարտականին իր կատարած մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը 9-0 արդիւնքով ջախջախեց եւ տապալեց Ռիօ 2016-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան ազրպէյճանցի Հաճի Ալիեւը` բարձր պահելով Եռագոյն դրօշը:
Նշենք, որ Թեւանեան 2020-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսակիրն է:
Իր կարգին, Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ) Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը, երբ աւարտականին գծով իր կատարած մենամարտին 8-3 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Կէորկի Վանկելովին:
Նշենք, որ Յարութիւնեան Եւրոպայի 2019-ի ախոյեան հանդիսացած էր:
Պուտափեշտի այս մրցաշարքին, Թոքիոյի ողիմպիականի իրենց տոմսը կ՛ապահովեն միայն աւարտական հանգրուան հասած ըմբիշները:
