Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ պաշտօնական Անգարայի հետ խորհրդակցութիւններու կամ բանակցութիւններու որեւէ ձեւաչափի մասին, այսօր՝ Մարտ 29-ին, Ազգային ժողովէն ներս պատասխանելով ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արման Աբովեանի հարցին` յայտարարեց ՀՀ դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավար՝ Արա Այվազեան՝ ընդգծելով, որ ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդը ամենալաւը կը գիտակցի խաղաղութեան գինը եւ թշնամիներ չի փնտռեր։ Նախարարը յիշեցուց, որ տարբեր նախաձեռնութիւններով Հայաստանը փորձած է կարգաւորել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, սակայն փոխադարձութեան սկզբունքը երբեք չէ գործած։
«Եւ որպէսզի իրապէս լինի խաղաղութիւն մեր տարածաշրջանում, մենք ակնկալում ենք, որ Թուրքիան լուրջ արմատական փոփոխութիւնների կ’ենթարկի Հայաստանի հանդէպ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը եւ կը վերացնի թշնամական գործողութիւնները», – նշեց նախարարը:
Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ, Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարէին, որ Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի դէմ պատերազմին աշխու-ժօրէն կը մասնակցի Թուրքիան, որ ահաբեկիչ վարձկաններ կ’ուղարկէր հայ զինուորին դէմ կռուելու։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, հայկական իշխանութիւնները նաեւ կը յայտա-րարէին, որ թրքական «Պայրաք-թարներ»ը թիրախի տակ կը պահեն հայկական հողը։
Այդուհանդերձ վերջին օրերուն իշխանական վերնախաւն այլ հռե-տորաբանութիւն կ’օգտագործէ։ Ան-վտանգութեան խորհուրդի քարտու-ղար՝ Արմէն Գրիգորեան օրերս Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հար-ցազրոյցի ժամանակ երեք անգամ խուսափած է ուղիղ պատասխանելէ այն հարցին, թէ արդեօք Թուրքիան Հա-յաստանի համար թշնամի պետութիւն է, թէ ոչ. «Եթէ մենք գնում ենք տարա-ծաշրջանի ապաշրջափակման, ապա մեր մօտեցումներում որոշակի շտկումներ պէտք է լինեն, եւ մենք այդ ուղղութեամբ աշխատում ենք»:
Շաբաթ օրն ալ, Արմաւիրի մարզին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց. «Տարածաշրջանի երկրները պէտք է վերագնահատենք բոլորով մեր փոխադարձ վերաբերմունքը մեր փոխադարձ կեցուածքը»:
