Մարտ 25-ին ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը մասնակցած է սփիւռքի մէջ գործող ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի «Հայ-հիւսիսամերիկեան բժշկական համայնքներու» ներկայացուցիչներուն նախաձեռնած առցանց տեսաժողովին: Ընթացքին քննարկուած են Հայաստան ներածուող բարեգործական բեռներուն վերաբերող հարցերը:
Տեսաժողովի ընթացքին փոխվարչապետը հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով. «Կ’ողջունենք բոլորը այս առցանց քննարկման հարթակին վրայ: Մենք բարձր կը գնահատենք հայրենիքին ուղղուող սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն աջակցութիւնը: Դժուար օրերուն սփիւռքը հայրենիքին կողքին է, եւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէճանի սանձա-զերծած պատերազմը բացառութիւն չէր: Այդ օրերուն սփիւռքի թէ՛ նիւթական, թէ՛ հոգեբանական աջակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ մեզի համար, ինչին համար կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել իւրաքանչիւրիդ:
Կը կարեւորենք սփիւռքի մեր հայրենա-կիցներուն հետ մշտական խորհրդակցութիւնները, որոնց ընթացքին հնարաւորութիւն ունինք ոչ միայն ծանօթանալու միմեանց կարծիքներուն ու տեսակէտներուն, այլեւ փոխանակուելու անհրաժեշտ տեղեկատուութեամբ: Մենք բաց ենք առաջարկներու եւ անշահախնդրօրէն հետաքրքրուած ենք, որ փոխհամաձայնութեան մթնոլորտէ ներս՝ մեր հայրենիքին առջեւ ծառացած տարբեր խնդիրներուն լուծումները միասին գտնենք:
Այսօրուան մեր քննարկումը կը վերաբերի բարեգործական բեռները ներածելու հարցին: Գիտենք, որ այս ոլորտէն ներս շարք մը թիւրըմբռնումներ կան սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն մօտ՝ բեռները ներածելու կանոնակարգերուն վերաբերեալ, որ, կը կարծենք, հիմնականին մէջ տեղեկատուութեան պակասէն կը յառաջանայ:
Այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր կը ձեռնարկուին: Յատկապէս պատերազմի շրջանին կառավարութիւնը հնարաւորինս պարզեցումներ մտցուց ընթացակարգերուն մէջ՝ աւելորդ քաշքշուքներէ խուսափելու համար: Նաեւ, յունուարին բոլոր ՀՀ դեսպանութիւնները օտար երկրներու մէջ ստացած են մանրամասն տեղեկատուութիւն եւ ուղեցոյց, թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնել՝ բարդութիւններէ խուսափելու համար: Տրամադրած ենք նաեւ մարդա-սիրական վարչութեան աշխատակիցներուն կապի տուեալները, որոնց միջոցաւ ծրագիր իրականացնողը նախօրօք կրնայ տեղեկանալ անհրաժեշտ քայլերուն մասին: Ինչպէս նաեւ, արդէն այսօր ՀՀ կառավարութեան էջին վրայ տեղադրուած է եւ յետագային արդէն մեր դեսպանութիւններու ընկերային ցանցերու էջերով պիտի տարածուի կարճ տեսանիւթ մը ընթացակարգերուն մասին: Այսպիսով՝ մենք աշխատանքներ կը տանինք հնարաւորինս խնդիրներէ խուսափելու եւ հանրային իրազեկման մակարդակը բարձրացնելու համար»:
Տեսաժողովին մասնակցած են ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան այլ պատասխանատու մարմիններու աշխատակիցներ: Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է բեռնափոխադրումներու մաքսազերծման, բեռներու արագ բաշխման եղանակներու, բարեգործական բեռներու պահանջարկի եւ Հայաստանի մէջ լիազօր մարմնի հետ համագործակցութեան հարցերուն:
