ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանա-խագահները կրնան օգտակար դեր խաղալ Արցախի մէջ կացութեան կարգաւորման հարցին մէջ: Այս մասին ռուսական «Քոմմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազ-գային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսուի՞ Արցախի հոլովոյթներուն մէջ ներգրաւել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, Քարասին ըսած է. «Կը կարծեմ, որ անոնք այդ աշխատանքին մէջ կրնան օգտակար դեր խաղալ: Այդ «եռեակ»-ը փորձառութիւն եւ արտաքին մեծ աջակցութիւն ունի: Կը կարծեմ` կարելի է վերսկսիլ ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն հովանիին տակ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու կանոնաւոր հանդիպումներու գործելաոճը, ինչ որ միջազգային զգալի արձագանգ պիտի ստանայ»:
Ան աւելցուցած է, որ ներկայիս հարցերու հիմնական զանգուածը առնչուած է մարդասիրական խնդիրներու հետ. պատերազմական գերիներու փոխանակման աւարտի, զոհուածներու մարմիններու վերադարձի, գաղթականներու եւ անոնց բնակութեան համար պատշաճ պայմաններու ստեղծման հետ: Սուր է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի եւ ատոր շուրջ շրջաններու ականազերծման հարցը:
«Ի հարկէ, շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքան արագ կարելի պիտի ըլլայ կողմերուն միջեւ վստահութիւն հաստատել: Որոշակի քայլեր արդէն կատարուած են: Ռուսիոյ նախագահին նախաձեռնութեամբ կը շարունակուի քաղաքական հարցերու քննարկումը, հանգուցալուծումներու որոնում տեղի կ՛ունենայ: Աշխուժօրէն կ՛աշխատի փոխվարչապետներու մակարդակով եռակողմ յանձնախումբը, որ կը քննարկէ տնտեսական, փոխադրամիջոցային, գումակային խնդիրները», նշած է ռուս ծերակուտականը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *