11 ապրիլին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին օրուանաւարտականի մրցումները: 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, Գոռ Մինասեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով, 464 քկ (216+ 248), տիրացաւ արծաթ մետալին
հանդիսանալով Եւրոպայի փոխախոյեան:
Իսկ Վարազդատ Լալայեան, բարձրացնելով 445 քկ, հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:
Ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ (485 քկ), որ այսպիսով երկամարտի մրցումներուն աշխարհի մրցանիշ մը հաստատեց (222+263):
Ան 5-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեանի տիտղոսին:
Նշենք, որ շաբաթ, 10 ապրիլին կատարուած մրցումներուն, 102 քկ դասակարգին մէջ, ախոյեան հանդիսացաւ Սամուէլ Գասպարեան, որ բարձրացուց 390 քկերկամարտի մրցումներուն: Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալէ ետք ան ըսաւ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակը կը նուիրէ բոլոր հայ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքերը չխնայեցին
պաշտպանելու համար հայրենիքի սահմանները:
Նոյն այս դասակարգին մէջ, փոխախոյեան հանդիսացաւ Արսէն Մարտիրոսեան, որ արձանագրեց380 քկ արդիւնք մը (171+209): Այսպիսով, այս ախոյեանութեան, Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորած հաւաքականը
Հայաստան, որ ընդամէնը տիրացաւ 8 մետալի (2 ոսկի, 2 արծաթ, 4 պրոնզ), ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Առաջին հանդիսացաւ Ուքրանիա (4 ոսկի, 1 արծաթ, 1 պրոնզ), իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Պուլկարիա (3 ոսկի, 3 արծաթ, 1 պրոնզ):
Այստեղ նշենք, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է` Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն համար:
