ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի բանուկ Պրենտ պողոտային վրայ գտնուող Նիանով Արուեստի թանգարանը (Museum of Neon Art) ամբողջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպա-նութեան զոհերը, իսկ ցուցա-փեղկին մէջ, Հայաստանի Եռա-գոյնին գոյներով՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն, լոյսերու տակ ցուցադրելով Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն հայերէն եւ անգլերէն հատուածներ։
Ցուցադրութիւնը պատրաստուած է MONA and Leaf Cutter Studio-ին կողմէ։
Թանգարանը կը գտնուի 216 S. Brand Blvd., Glendale, CA 91204 հասցէին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել neonmona.org կայքը։
