Բրիտանական Young Turks ձայնագրման պիտակը որոշում կայացուցած է փոխել անունը եւ հեռացնել «Turks» բաղադրիչը՝ կապուած Հայոց ցեղասպանութեան եզրոյթի հետ ունեցած առնչութեան հետ:

Young Turks թարգմանաբար կը նշանակէ «Երիտասարդ թուրքեր»: Ըստ երեւոյթին, այս պիտակի հիմնադիրըՔեյըս Փոուսըն 2005 թուականին երբ անունը դրած է անտեղեակ եղած է, որ Young Turks թարգմանաբար երիտթուրքեր կը նշանակէ, եւ որ անոնք Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ իրագործած «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» կուսակցութեան անդամներն էին: Պիտակի հիմնադրման ժամանակ հաշուի առնուած է խօսակցական անգլերէնով Young Turks-ի նշանակութիւնը. այն է` ըմբոստ, ապստամբ երիտասարդներ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, Young Turks ձայնագրման հիմնադիր Քեյըս Փոուսըն Ինսթըկրամեան իր էջով պաշտօնապէս յայտարարած է անուա-նափոխութեան մասին՝ ներկայացնելով պատճառները: Ան նշած է, որ 2005 թուականին որոշեց կոչել Young Turks՝ ոգեշնչուելով Ռոտ Սթիուարտի համանուն երգէն:

«Մենք անտեղեակ էինք եզրոյթի աւելի խորը պատմութենէն, մասնաւորապէս, որ Երիտթուրքերը այն խումբն էր, որ 1915 թուականին իրագործեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Շարունակական խօսակցութիւններէն ու նամակներէն յետոյ, երբ սկսանք տեղեկանալ խնդրի մասին, ակնյայտ դարձաւ, որ այս անունը մարդոց համար ցաւի եւ շփոթմունքի աղբիւր է»,- նշած է Փոուսըն՝ ընդգծելով, որ ձայնագրման անուանափոխութիւնը եւ Young կոչելու իրենց որոշումը ճիշդ է:
Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին՝ Ապրիլ 24-ին ընդառաջ, Young-ը, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած եւ զայն վերապրած հայե-րու, նուիրատուութիւն կատարած է Լոնտոնի «Հայ հիմնարկ» մշակութային բարեգործական կազմակերպութեան:

Միջազգային լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձած են ձայնագրման պիտակի որոշման՝ անգամ մը եւս արծարծելով Հայոց ցեղասպանութեան թեման:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *