Ազրպէյճանը, խախտելով միջազգային իրաւունքի չափանիշները, կը շարունակէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձեր: Նշեալ հարցին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի գրասենեակներուն մօտ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու հայերն ու անոնց սատարող օտարերկրացիները:
Բողոքի լուռ նստացոյց կազմակերպուած է Երեւանի մէջ եւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին դիմաց. նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ծրագրուած են նաեւ Թորոնթոյի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Հիուսթընի, Հռոմի, Համպուրկի եւ Մոսկուայի մէջ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեց զուիցերիաբնակ գործիչ, երաժշտութիւն արտադրող Անի Գասպարեանը, Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կազմակերպած բողոքի լուռ նստացոյցին մասնակից քանի մը տասնեակ մարդիկ բարձրացուցած են ցուցապաստառներկոչ ուղղելով ազատ արձակելու հայ գերիները: Համայնքի քանի մը անդամներ ելոյթ ունեցած են կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններուն անտարբեր չմնալու եւ զբաղելու հայ գերիներու հարցով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *