ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- 15 Ապրիլի երեկոյեան, 87 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց «Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ Վարդան Գրիգորեան, որ նախապէս ղեկավարած էր նաեւ Նիւ Եորքի գրադարանը եւ «Պրաուն» համալսարանը:
Գրիգորեան ծնած է 1934ին, Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ եւ փոքր տարիքին ճամբորդած է Պէյրութ եւ աւարտած տեղւոյն Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Ան ուսումը շարունակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, մասնագիտացած պատմութեան եւ մարդաբանութեան ոլորտներուն մէջ:
1997էն ի վեր կը պաշտօնավարէր իբրեւ Էնտրիւ Քարնըկիի հիմնած բարեսիրական հաստատութեան 12րդ նախագահը:
Ան 2015ին, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ հիմնած էր «Օրորա» բարեսիրական հիմնարկը:
2004ին ան արժանացաւ ամերիկեան ամենաբարձր քաղաքացիական շքանշանին՝ «Ազատութեան» մետալին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *